«Կիրակոս Ադամեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
Ծնած է Հալէպ, խարբերդցի ծնողներէ: Աւարտած է քաղաքին Կիլիկեան վարժարանը: 1950-ին արհեստի հետեւելով դարձած է ինքնաշարժի մեքենագէտ: 1962-66 ուսանած է Սոֆիայի թէքնիք գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ ելած է բարձրագոյն նիշով: Յետոյ կը վերադառնայ Սուրիա եւ մէկ տարուան համար Սէուտական Արապիա կ'երթայ, որպէս վերակացու ծանր մեքենաներու վերաշինութեան գործին:
 
1969-ին կը հաստատուի Նիւ Եորք եւ կը կազմէ իր ընտանիքը, բախտաւորուելով աղջիկ եւ մանչ զաւակներով:
 
Կ'աշխատակցի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, ստորագրելով սրամտութիւններով համեմուած պատմուածքներ, որոնց նիւթերը կը քաղէ առօրեայ իրական կեանքէն: Կու տայ նաեւ իր յուշերը, հարազատօրէն պատկերացնելով իր երբեմնի կեանքէն տպաւորիչ դէպքեր՝ խօսակցութիւնները համեմելով խարբերդի հայոց բարբառով: