«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
Չ fix homoglyphs: convert Cyrillic characters in [Х]VII to Latin
Տող 25.
Առաջին եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանումը կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Այդպիսի բաժանումներէն ամենախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ [[Բնազանցութիւն|բնազանցութեան]] (գոյութեան հարցերը), [[Հմտաբանութիւն|հմտաբանութեան]]յի (իմացութեան հարցերը) եւ [[Արժէքներու Ուսումնասիրում|արժէքներու ուսումնասիրման]]յի (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն՝ որպէս առանձին առարկաներ կ’ընդունուին նաեւ [[տրամաբանութիւն]]ը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) ու [[փիլիսոփայութեան պատմութիւն]]ը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): [[Արիստոտէլ|Արիստոտէլի]] ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):
Երկրորդ եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանական]] կամ [[ֆրանսա]]կան փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն՝ լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: ХVIIXVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց՝ ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ [[մարքսիստականութիւն]]ը, [[գոյապաշտութիւն]]ը եւ այլն: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]], որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:
 
== Փիլիսոփայութեան Բաժանումը Ըստ Ուսումնասիրուող Առարկայի ==