«Աւատատիրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 7 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
Չ fix homoglyphs: convert Cyrillic characters in [Х]II to Latin
Տող 15.
 
=== Զարգացած Աւատատիրութիւն ===
Զարգացած աւատատիրականութեան փուլը [[Եւրոպա (արեւմտահայերէն)|Եւրոպայի]] մէջ (XI-ХIIXII դարեր) բնութագրուած է աւատատիրական հասարակարգի բազիսի եւ վերնաշէնքի ձեւաւորման աւարտով։ Բենեֆիցիումը փոխակերպուած է ժառանգական եւ արտոնեալ տիրոյթի՝ ֆեոդի, որ պահպանած է պայմանագրի եւ ծառայական բնոյթը։ Այդ փուլին մէջ գիւղացիներու զգալի մասը գտնուած է խիստ կախեալ վիճակի մէջ (սերվերը՝ [[Ֆրանսա (արեւմտահայերէն)|Ֆրանսայի]] եւ [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիոյ]] մէջ, վիլլաները՝ [[Անգլիա(արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] եւ այլն)։ Ալլոդային հողատիրութիւնէն աւատատիրական անցումը քաղաքացիական վերնաշենքէն ուղղեցուած է աւատատիրական մասնատուածութեան առաջացմամբ։ XI-XII դարերուն արագօրէն աճած են միջնադարեան քաղաքները՝ որպէս արհեստներու եւ առեւտուրի կեդրոն, ի հայտ եկած նոր հասարակական խաւ՝ քաղաքացիները, զարգացուցած է պարզ ապրանքային արտադրութիւնը։ Տնտեսութեան դոմենային համակարգը, անոր հետ մէկտեղ՝ նաեւ կոռը [[Արեւմտեան Եւրոպա (արեւմտահայերէն)|Արեւմտեան Եւրոպային]] մէջ սկսած են տեղը զիջել բահրային, դրամ, ռենտային։ XIV-XV դարերուն խիստ նուազած է աւատատիրական տնտեսութեան դերը, եւ աւատատիրական ռենտայի արտադրութեան կեդրոնը դարձած է գրեթէ բացառապէս գիւղացիական տնտեսութիւնը։ Բողոքի տեղային դրսեւորումներու կողքին սկսած են գիւղացիական խոշոր ապստամբութիւններ (Դոլչինոյի ապստամբութիւնը Իտալիոյ մէջ՝ [[1304]]-[[1307]] թուականներուն, Ժակերիան Ֆրանսայի մէջ՝ [[1358]] թուականին, Ուոտ Թայլերի ապստամբութիւնը [[1381]] թուականին՝ [[Անգլիա(արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] մէջ, [[Հուսեան յեղափոխութիւն (արեւմտահայերէն)|Հուսեան յեղափոխական]] շարժումը՝ [[Չեխիա (արեւմտահայերէն)|Չեխիայի]] մէջ եւ այլն)։ Զարգացած աւատատիրական ժամանակաշրջանին ձեւաւորուած է ասպետութիւնը, որու հիման վրայ՝ ազնուականութիւնը։ Բարձր եւ միջին հոգեւորականութիւնը կազմած է միւս տիրապետող դասը։ Երրորդ՝ անիրաւահաւասար դասի մեջ միաւորուած մնացած են «հասարակ» մարդիկ։ Տնտեսական կապերու ծաւալմամբ սկսած է ազգային շուկայի ձեւաւորումը։ Դասային միապետութեան՝ կենտրոնացուած աւատատիրական պետութեան շրջանակներուն մէջ վերջնականապէս համախմբուած են աւատատիրական ժողովուրդները, ձեւաւորուած ազգային լեզուներն ու գրականութիւնը։
 
=== Ուշ աւատատիրութիւն ===