«Թլկատինցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (2)
Տող 5.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 1860-ին խարբերդի խույլու գիւղը, հին անունով՝ Թիլ-Կաթի, որ ժողովուրդի լեզուին մէջ դարձած է Թլկատին (Արեւմտեան Հայաստան)։ Կանուխէն անհայր մնացած եւ մեծցած է մօրը խնամքով: իր կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սմբատեան վարժարանին մէջ: Աւարտելուն՝ դեռ պատանի, ատեն մը շրջակայ գաւառներու դպրոցներուն մէջ կը վարէ ուսուցչական պաշտօն։ Ապա [[Խարբերդ]] դարձած կը հիմնէ իր դպրոցը՝ [[Կեդրոնական վարժարան]]ը։ Հայ լեզուի եւ գրականութեան իր պաշտամունքը կը յաջողի փոխանցել աշակերտներու ամբողջ սերունդի մը՝ [[Ռուբեն Զարդարեան]]էն մինչեւ [[Բենիամին Նուրիկեան]]։ Կը ներշնչէ գաւառի գրականութեան սէրը եւ կը պատրաստէ գրական հակումներով սերունդ: Միւս կողմէն, կ՛արդատրէ իր կարգին, [[Պոլիս|Պոլսոյ]] թերթերուն ղրկելով առաւելաբար քրոնիկներ, երբեմն պատմուածքներ, յաճախ գրական թարծուածքով թղթակացութիւներ։ Ուսուցչութիւն եւ գրական արտադրութիւն լրիւ լեցուցած են Թլկատինցիի ինքնամփոփ ու մենաւոր կեանքը։ Նահատակուած է [[1915]]ի ամրան, Խարբերդի մօտ, [[Ծովք]] լիճի ափերուն։
 
Ողնածուծով գաւառացի այս մարդուն գրականութիւնը «[[Ծոփաց աշխարհ]]»ի հարազատ արտադրութիւնն է։ [[Մամուլ]]ի մէջ ցրուած իր պատմուածքներն ու քրոնիկները (առաւել՝ քանի մը կտոր բանաստեղծութիւններ) հրատարակուած են մահէն տարիներ ետք ([[1927]]), [[Պոսթըն]] Ա. Չոսլանեանի նախաձեռնութեամբ։
Տող 47.
[[Կատեգորիա:Մեծ Եղեռնի նահատակուած գրողներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ մանկավարժներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․)]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Թլկատինցի» էջէն