«Եաղուպ Ամիրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
→Աղբիւրներ: կատեգորիայի հեռացում |
No edit summary |
||
Տող 2.
| անուն ազգանուն = Եաղուպ Ամիրա<br />
(Յակոբ Յովհաննէսեան)
| պատկեր = Yaghub Amira.png
| ծնած է = [[1672 թուական|1672]]
| ծննդավայր = [[
| վախճանած է = [[9 Յուլիս]] [[1752 թուական|1752]]
| վախճանի վայրը =
}}
'''Եաղուպ Ամիրա''' (հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան, [[1672 թուական|1672]] [[
Հօրը անունն էր Յովհաննէս: Իր ուշիմութեան ու հօրենական հարստութեան շնորհիւ կ’անցնի [[Պոլիս]], ու քիչ ատենէն կը շինէ իր համբաւը, հայ ազգին մէջ ըլլալով մին ամէնէն ազդեցիկ ու յարգուած անձնաւորութիւններէն, եւ Ղազի սուլթան Ահմէտի հրովարտակով ([[1703]]) կը կարգուի Արքունի սեղանաւոր եւ վառօդապետ (պազիրկեան պաշի), որ այն ժամանակուան համար ըսել էր մեծ դրամատէր, ու կը համապատասխանէր ներկայ ժամանակներու վարկային հաստատութեանց եւ դրամատանց կատարած գործառնութեանց: Մտերիմ բարեկամը ըլլալով՝ Զմմարցի Յակոբ Նալեան Պոլսոյ պատրիարքին ([[1741]]-[[1749]]) եւ ([[1752]]-[[1764]]), յաճախ կը գործակցին անոր հետ ու կը վարէ ազգային զանազան պաշտօններ: Եաղուպ Ամիրայի գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած ըլլալով մեզի, միայն այսքանը յայտնի է որ Նալեան պատրիարք, անոր գեղեցկատեսիլ դրսերեւոյթին ու կատարած բարեգործութեանց համար, զինք յորջորջած էր որպէս նոր Յովսէփ Գեղեցիկ մը եւ տաճարաշէն երկրորդ Զօրաբաբէլ մը:
Տող 57 ⟶ 37՝
Պէշիր կին մը ունէր գերի բերած Վրաստանէն եւ ապա ամուսնացած Եաղուպ Ամիրայի հետ, այս կինը յաճախ իր ամուսինէն լսելով Մուստաֆայի գովեստ, կը թախանձէ իր ամուսնոյն որպէսզի օր մը տուն բերէ Մուստաֆա աղան եւ ինք հիւրանոցին վրայ նայող վանդակապատ պատուհանէ մը կը դիտէ զայն ուշի ուշով: Երկար ատեն դիտելէ ետք՝ վերնայարկը վազելով կը մարի կ’իյնայ եւ ոտքերը գետինը զարնելով կը պոռայ: Տնեցիները եւ Եաղուպ ամիրա վեր կը վազեն ու կը սթափեցնեն՝ կինը կը գոչէ թէ «այդ Մուսթաֆա աղան իմ եղբայրս է»: Եաղուպ կը զարմանայ եւ կը ջանայ հանդարտեցնել իր կինը բայց ան նորէն կը պնդէ պոռալով թէ «ան իմ եղբայրս է, անպատճառ ինծի իրեն քով տար»: Եաղուպ կը տանի Մուսթաֆայի քով որ կը մնար սէլամլըխի կողմը. Ինչպէս յայտնի է մեր նախնիք Թուրքերու նման ունէին հարէմլիխ եւ Սէլամլըխ, այսինքն արանց եւ կանանց բաժիններ եւ Թուրքերու պէս ալ եաշմախ ֆէրաճէ կը հանգնէին 16 եւ 17րդ դարերուն:
Կինը տեսնելով իր եղբայրը աւելի կը յուզուի եւ կը պոռայ -«դուն իմ եղբայրս ես»: Այս աղաղակներուն Մուսթաֆա կը յուզուի, կ’այլայլի եւ փաստ կ’ուզէ: Տիկին Եաղուպ այն ատեն կը նկարագրէ Վրաստանի իրենց բնակարանը, իրենց ծնողքը, անոնց անունները: Մուսթաֆա ուրիշ փաստ ուզելուն՝ Տիկինը այն ատեն կ’ըսէ թէ ծոծրակիդ նիշ մը ունիս սա ձեւ: Մուսթաֆա կը զարմանայ ճշտութեան եւ դառնալով Եաղուպ ամիրայի կը կոչէ - «փեսայ Եաղուպ»:
Եւ այդ օրէն սկսեալ աւելի սիրով կը կապուի անոր հետ եւ Եաղուպ հետզհետէ աւելի կը յառաջանայ:
Տող 78 ⟶ 58՝
* Հայ Հանրագիտակ, [[Մկրտիչ Պոտուրեան|Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան]], 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 646:
[[Կատեգորիա:Հայ ազգային գործիչներ
[[Կատեգորիա:1672 ծնունդներ
[[Կատեգորիա:Ակն ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:1752 մահեր]]
|