«Ազազի Ճակատամարտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Ազազի ճակատամարտ}} {{Տեղեկաքարտ Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն) |Ճակատամարտի անո...»: |
(Տարբերութիւն չկայ)
|
06:53, 25 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն)
Ազազի ճակատամարտ, ռազմական ընդհարում խաչակիրներու եւ սելճուքներու միջեւ ժամանակակից Սուրիոյ Ազազ քաղաքի մօտ: Տեղի ունեցած է 11 Յունիս 1125-ին:
Նախադրեալներ
1118-ին Եդեսիոյ կոմս Ժոսլէնը Հալէպի աթաբեկ Իլ-Գազիէն գրաւած էր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Ազազ քաղաքը: Յաջորդող տարուայ Յունիսին Անտիոքի դքսութեան վարիչ Սալերնոյի իշխան Ռոժերի գլխաւորութեամբ խաչակիրները ջախջախուեցան Արիւնոտ դաշտի ճակատամարտի ընթացքին, իսկ 18 Ապրիլ 1123-ին Եդեսիա ուղեւորուած ժամանակ գերի ինկաւ Երուսաղէմի արքայ Պալդուինը: 19 Հոկտեմբեր 1124-ին Պալդուինը, որ 80,000 դինարի դիմաց ազատած էր Խարբերդի մէջ միամեայ գերութենէն, սկսաւ Հալէպի պաշարումը:
Ճակատամարտ
Հալէպի օգնութեան հասաւ Մոսուլի աթաբեկ Բուրզուկին: Անոր ճնշման տակ խաչակիրները ստիպուած դադրեցուցին պաշարումը եւ նահանջեցին: Ապա Բուրզուկին պաշարեց Եդեսիոյ կոմսութեան Զերդան բնակավայրը: Պալդուինը, հայոց իշխան Լեւոն Ա.-ը[1], Ժոսլէնը, Տրիբոլիի կոմս Պոնսը ճակատամարտ տուին Բուրզուկիին Ազազ քաղաքի մօտակայքին: Խաչակիրներու զօրքը կազմուած էր 1100 ասպետներէ եւ 2000 հետեւակայիններէն, իսկ իսլամներու ուժերը բազմակի անգամ կը գերազանցէին անոնց:
Պալդունիը ձեւացուց թէ կը նահանջէ եւ սելճուքներուն դուրս բերաւ քաղաքի շրջակայքին գտնուող բաց դաշտ մը, ուր ճակատամարտեցաւ անոնց հետ: Երկարատեւ ու արիւնոտ ճակատամարտի ընթացքին սելճուքները ջախջախուեցան: Վերջիններէն մնացած հարուստ աւարի շնորհիւ Պալդուինը ետ գնեց իսլամներէն բազմաթիւ գերիներու, որոնցմէ են Եդեսիոյ ապագայ կոմս Ժոսլէն II-ին:
Հետեւանքներ
Ազազի մէջ տարած յաղթանակի շնորհիւ խաչակիրները տարածաշրջանին մէջ մասնակիօրէն վերականգնեցին Արիւնոտ դաշտի ճակամարտի ընթացքին կրած պարտութեան հետեւանքով կորսուած ազդեցութիւնը: 1128-ին Հալէպի եւ Մոսուլի ուժերը միաւորուեցան հզօր հրամանատար Զենգիի գլխաւորութեամբ, եւ խաչակիրները սկսան կորսնցնել իրենց դիրքերը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
Լրացուցիչ ընթերցանութիւն
- Smail, R. C. (1995) [1956], Crusading Warfare 1097-1193, New York: Barnes & Noble Books, ISBN 1-56619-769-4
Կատեգորիա:Խաչակիրներու ճակատամարտեր Կատեգորիա:1125 Կատեգորիա:12-րդ դարու ճակատամարտեր Կատեգորիա:Անտիոքի դքսութեան ճակատամարտեր Կատեգորիա:Երուսաղէմի թագաւորութեան ճակատամարտեր Կատեգորիա:Կիլիկեան Հայաստանի ճակատամարտեր Կատեգորիա:Եդեսիոյ կոմսութեան ճակատամարտեր Կատեգորիա:Տրիբոլիի կոմսութեան ճակատամարտեր