«Յովհաննէս Ալթըն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ալթըն ծնած է [[Նոր Ջուղա (արեւմտահայերէն)|Նոր Ջուղա]] ([[Ճուլխա]]—[[Սպահան]]) [[1709]]-ին: Հայրը Մկրտիչ, որ նահանգին հարուստ կառավարիչն էր, ժամանակ մը [[Վիեննա (արեւմտահայերէն)|Վիեննա]] [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկական]] դեսպանի պաշտօն վարած է: Յովհաննէս ճոխութիան մէջ կը մեծնայ մինչեւ 25 տարեկան: Այդ միջոցին ընտանիքը դժբախտութեան մը կը հանդիպի: [[Նատիր Շահ]] (1688—1747). որ Պարսկաստանի այնքան չարիք հասցուցած էր եւ այնքան արիւն թափել տուած՝ չխնայեց Ալթըն ընտանիքին, որուն բոլոր անդամները սպաննուեցան եւ հարստութիւննին գրաւուեցաւ: Միայն Յովհաննէս ազատեցաւ այդ ջարդէն:
 
Ժամանակ մը ետք իբր գերի կը վաճառուի եւ կը տարուի Անատօլուի մէկ քաղաքը, ուր քանի մը տարի հող կը մշակէ: Համբերութեան ու համակերպութեան շնորհիւ՝ Յովհաննէս կը յաջողի օր մը փախչիլ եւ կ՛ապաստանի [[Զմիւռնիա]]: Սակայն հոն բռնուելու վախէն միշտ անհանգիստ՝ [[Ֆրանսա]]կան հիւպատոս Մ. Բէյսօնէլի դիմեց եւ անոր օգնութեամբ կրնայ Զմիւռնիայէն [[Մարսէյլ]] մեկնիլ 1739—1740 Թուականններուն (ըստ Տիրան Թէքէեանի իր հետ տանելով [[Տորոն (արեւմտահայերէն)|տորոնի]] հունտը):