«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Ծանօթագրութիւններ: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎Գրական Գործունէութեան Սկիզբ: clean up, replaced: [Թիֆլիս (արեւմտահայերէն) → [Թիֆլիս using AWB
Տող 80.
[[Պատկեր:Leo Tolstoy and his brother Nikolai.JPG|thumb|left|200px|Թոլսթոյ եւ իր եղբայր Նիքոլայը Կովկաս մեկնելէն առաջ, 1851]]
 
[[1851]]-ի աշնան, [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]ի մէջ քննութիւն յանձնելով, Թոլսթոյ կ՛ընդունուի 20-րդ հրաձգային ջոկատի 4-րդ գումարտակ՝ որպէս ենթասպայ, [[Թերեք (գետ, արեւմտահայերէն)|Թերեք]]ի ափին, Քիզլեարի մօտ գտնուող Սթարոքլատովեան կազակական աւանի մէջ։ Որոշ փոփոխութիւններով այն պատկերուած է «Կազակներ» վիպակին մէջ։ Վիպակը կ՝ արտացոլէ մոսկովեան կեանքէն փախած երիտասարդ ազնուականի մը ներաշխարհը։ Կազակական աւանին մէջ Թոլսթոյ կրկին կը սկսի գրել եւ [[1852]]-ի Յուլիսին «Սովրեմեննիք» ամսագիրի խմբագրատուն կ'ուղարկէ ապագայ ինքնակենսագրական եռագրութեան առաջին՝ «Մանկութիւն» հատուածը՝ ստորագրուած լոկ «Լ. Ն. Տ.» սկզբնատառերով<ref name="ЭСБЕ" />։ Ձեռագիրին հետ ան կ'ուղարկէ նաեւ նամակ մը, որուն մէջ կ՝ ըսուէր. «...ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեր գնահատականին, որ կամ կ՝ոգեւորէ զիս՝ սիրած զբաղումս շարունակելու հարցով, կամ ալ կը ստիպէ այրել սկսած գործս»<ref name="КЛС">{{cite web |url=http://www.bibliotekar.ru/pisateli/59.htm |title=Лев Николаевич Толстой (1828—1910)|author=Калюжная Л. С. |authorlink= |coauthors= |quote= |date= |format= |work= Великие писатели|publisher= |accessdate=2013 թ․ մայիսի 3 |lang= |description= |deadlink= |archiveurl=http://www.peeep.us/9079be43 |archivedate=2013-05-03 }}</ref>։
 
Ստանալով «Մանկութեան» ձեռագիրը՝ «Սովրեմեննիքի» խմբագիր Ն. Ա. Նեքրասով կը նկատէ անոր գրական արժէքը եւ սիրալիր նամակ մը կը գրէ հեղինակին, որ վերջինիս վրայ բաւականին ոգեւորիչ ազդեցութիւն կ'ունենայ։ [[Իւան Թուրգենեւ|Ի. Ս. Թուրգենեւ]]ին ուղղուած նամակին մէջ Նեքրասով կ'ըսէ. «Այս նոր եւ, կը կարծեմ, յուսալի տաղանդ է»<ref>''Некрасов Н. А.'' Полн. собр. соч. и писем, т. 10. — М., «Правда», 1952, с. 179</ref>։ Տակաւին անյայտ հեղինակին ձեռագիրը կը հրատարակուի Սեպտեմբերին։ Այդ ընթացքին սկսնակ եւ ոգեշնչուած հեղինակը ձեռնամուխ կ'ըլլայ «Զարգացման չորս դարաշրջան» քառագրութեան շարունակութեան, որու վերջը՝ «Երիտասարդութիւն» մասը այդպէս ալ կը մնայ անաւարտ։ Ան (ֆապուլա) առասպելական առակագրութիւն կը մտածէր «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» (աւարտուած պատմուածքը զուտ հատուած էր «Ռուս կալուածատիրոջ վէպին»), «Յարձակում» եւ «Կազակներ» ստեղծագործութիւններու համար։ [[18 Սեպտեմբեր]] 1852-ին «Սովրեմեննիք»ի մէջ տպագրուած «Մանկութիւն»-ը բացառիկ յաջողութիւն կը գտնէ. հրապարակումէն ետք հեղինակը կը սկսին դասել ականաւոր երիտասարդ գրական գործիչներու շարքին՝ այն ժամանակ արդէն յայտնի դարձած Ի. Ս. Թուրգենեւի, Կոնչարովի, Դ. Վ. Գրիգորովիչի, Օսթրովսքիի հետ միասին։ Գրաքննադատներ Գրիգորեւը, Աննենքովը, Տրուժինինը եւ Չերնիշեւսքին կը գնահատեն հոգեբանական վերլուծութեան խորութիւնը, հեղինակին մտադրութիւններու լրջութիւնն ու իրատեսական գաղափարներու պայծառութիւնը<ref name="ЭСБЕ" />։