«Կարօ Փօլատեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ using AWB
Տող 36.
[[1963]]-71 Կարօ Փօլատեան դարձեալ կը մերկնի Եթովպիա, երկրորդ շրջանի մը համար, իբրեւ տնօրէն Ազգ. Գէորգոֆ վարժարանին։ Այնտեղ գոյութիւն ունէր 1200 հոգինոց փոքրաթիւ գաղութ մը ու դպրոցին աշակերտութիւնն ալ կը հաշուէր 150 երեխայ:
 
Եղած է առաջիններէն, որոնք բառին ամբողջակամ առումով սփիւռքեան մեր իրականութիւնը բերին սեւեռումի՝ [[1946]]-ին հրատարակուած իր «Արեւելքի տղաքը» վէպով ([[1946]], [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]), ապա նաեւ «Կը Հրաժարիմ Հհայութենէ» ([[1949]], երկուքն ալ վերատպուած են [[Պէյրութ]], [[1978]]), «Արծիւները Անապատին Մէջ» ([[1958]], Փարիզի «Արաքս» տպարան, 540 էջ), «Վերադարձը», «Կրակէ Շապիկը» եւ «Լոյսերը» անուն վիպակներով, պատմուածքներով եւ պոէմներով։ Բանաստեղծական շնչերակը միշտ կենդանի է իր պատումին մէջ՝ վիպական կառոյց ունեցող ամէնէն առարկայական էջերուն իսկ տալու համար հաղորդականութիւն ջերմ ու ընտանի շունչ մը։
 
Ամբողջական իր գործը, վերոյիշեալ հատորներէն զատ, կ՛ընդգրկէ «Զրոյց» խորագրուած հատորներու շարք մը (Ա.-Դ.), ինչպէս նաեւ «Հայկ Սփիւռքը իր դերակատարներով» խորագրուած աշխատասիրութիւն մը՝ որոնց մէջ տեսակցութիւններու եւ կեանքի ու գործի պատկերացումներու ճամբով վերծանումի կը կոչուին հանրային, դէմքեր ու գործունէութիւններ, ձգտումներ եւ հոսանքներ։