«Յակոբ Կրճիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Աղբիւրներ: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ using AWB
Տող 31.
 
== Կենսագրութիւն ==
Կրճիկեան Յակոբ Էֆենտին՝ արհեստաւոր Յովհաննէս Կրճիկեանի աւագ որդինէ․ ծնած է [[1806]]-ին Պոլսոյ Բերա թաղին մէջ, եօթ կամ ութ տարեկան հասակին ծնողները զինք ուղարկել են Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ազգային դպրոցը։ Ապա աշակերտած է Չոլախ Ստեփանին‚ Փեշտմալճեան Գրիգորին‚ ֆիզիկոս Պօղոսին։ 1822 թուականին ծնողները զինք կ՛ուղարկեն Պօղոս Պատրիարքին մօտ աշակերտութեան‚ որպէսզի, վարդապետութիւն սորվելով‚ հրաժարի [[ֆրանսերէն]] ուսանելու ձգտումէն<ref>[http://allturkey.am/3380/%D5%B4%D5%AB-%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%AB-%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D5%B4%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6-%D5%B0%D5%A1%D5%AF%D5%B8%D5%A2-%D5%AF%D6%80%D5%B3%D5%AB%D5%AF%D5%B5%D5%A1%D5%B6-1806-1865/#sthash.DiDHAjyE.dpbs Մի հայի պատմություն. Հակոբ Կրճիկյան (1806-1865)]</ref>։ Պօղոս Սրբազանի միիջնորդութեամբ դաստիարակութիւն ստացած է ''Եզիկեան Յովսէփ'' վարժապետէն, իր ուսումը կատարալեգործելու համար գացած է [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]], [[1835]]-ին մեծանուն Ռեշիտ փաշայի հետ, թէ՛ իբրեւ թարգման՝ փաշային ու թէ՛ անոր զաւակներուն իբրեւ ուսուցիչ։ Կրճիկեան հոն հետեւած է [[Սորպոն]]ի դասերուն եւ հետզհետէ զարգացած է, այնպէս որ Ռեշիտ փաշայի միջնորդութեամբ դեսպանատան Բ. Թարգման անուանուած է, այսպէսով սկսած է դիւանագետական ասպարէզը։
 
[[Ազգային Սահմանադրութիւն|Ազգային սահմանադրութեան]] հաստատման մէջ ամենէն կարեւոր դեր ունեցողներէն եղած է '''Յակոբ Կրճիկեան''', եւ այդպէսով ժամանակին ամէնէն յառաջընթաց մտաւորականներէն մէկը եղած է։ Գործակցած է հանրային հասարակական և ազգային պետութեան միանգամայն, ամիրայական բռնապետութեան առաջին հարուածը տուողը ըլլալով, [[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան կառավաարութեան]] մէջ ալ իր ունեցած բարձր դիրքին պատճառաւ կրցած է Սահմանադրութեան գաղափարը ներշնշել, ինք զարգացեալ անձ՝ իր ունեցած կարեւոր պաշտօններով [[Օսմանեան]] պատմութեան մէջ եւս փայլուն անուն մը թողած է։