«Անաստաս Միկոյեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Արտաքին յղումներ: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: ԱՄՆ (արեւմտահայերէն) → ԱՄՆ using AWB
Տող 48.
1926-1949 թթ․ եւ 1953-1955 թթ․ եղած է ԽՍՀՄ Կառավարութեան կազմին մէջ, ղեկավարելով, ըստ հերթականութեան, ԽՍՀՄ Արտաքին եւ ներքին առեւտուրի, Մատակարարման, Սննդի արդիւնաբերութեան ժողովրդական կոմիսարիաները, Արտաքին առեւտուրի, Առեւտուրի նախարարութիւնները։ 1946–1949 թթ․ եւ 1953-1955 թթ․ ան նաեւ ԽՍՀՄ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահի տեղակալն էր, 1957-1964 թթ՝ առաջին տեղակալը։
 
Անաստաս Միկոյեանի անուան հետ է կապուած ԽՍՀՄ սննդի արդիւնաբերութեան ծաւալումը։ Դեռեւս 1931 թ., հանդիսանալով ԽՍՀՄ Սննդի արդիւնաբերութեան ժողովրդական կոմիսար, Անաստաս Միկոյեանը ԽՍՀՄ կառավարութեանը ներկայացուց Խորհրդային սննդի արդիւնաբերութեան զարգացման համալիր ծրագիր։ [[1936]] թ. Միկոյեանը իր կնոջ՝ Աշխէնի հետ երկու ամիս այցով գտնուեցաւ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի մէջ (ԽՍՀՄ պատմութեան մէջ կառավարութեան գործող անդամի ամենաերկարատեւ արտաքին ուղեւորութիւնն էր), որուն ընթացքին հիմնաւորապէս ուսումնասիրեց ամերիկեան սննդի արդիւնաբերութիւնը, մեծ ծաւալի տեխնիկական գնումներ կատարուեցան, որոնք նպաստեցին Խորհրդային սննդի արդիւնաբերութեան վերազինմանը։ Միկոյեանի շնորհիւ ԽՍՀՄ-ի մէջ սկսաւ պաղպաղակներու արտադրութիւնը։ Մինչեւ իր պաշտօնավարման վերջը Անաստաս Միկոյեանը անձնական հսկողութեան տակ կը պահէր պաղպաղակի որակը։
 
1962 թ․ աշխոյժօրէն մասնակցած է [[Կարիբեան ճգնաժամ]]ի կարգաւորմանը, անձամբ բանակցելով [[Ջոն Քէնեդի|ջոն Քէնեդու]] եւ [[Ֆիդէլ Կաստրոյ]]յի հետ։ Այդ ընթացքին Մոսկուայի մէջ մահացաւ անոր կինը։ Նոյեմբեր 1963 թուականին ան կը ներկայացնէր ԽՍՀՄ ղեկավարութիւնը Ջոն Քէնեդիի թաղման արարողութեանը։