«Ազատութեան արձանը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
Արձանի հեղինակն է Ֆրետերիք Աւկիւսթ Պարթոլտին ({{Լեզու fr|Frédéric Auguste Bartholdi}}): Անիկա [[1886 թուական]]ի Հոկտեմբերի 28-ին Միացեալ նահանգները [[Ֆրանսա]]յի ժողովուրդէն նուեր ստացեր են։ Իրմէ կը ներկայացնէ պատմուճանով կին մը, որ կը խորհրդանշէ հռովմէական դիցարանի ազատութեան աստուածուհի Լիբերտասը։ Կինն իր աջ ձեռքով վեր պարզած է ջահը, իսկ ձախով սալիկ մը բռնած է, որուն երեսին ԱՄՆ-ու անկախութեան հռչակագիրի ընդունման ամսաթիւը փորագրված է՝ [[1776 թուական]]ի Յուլիս 4։ Ոտներու իյնած կայ փշրուած շղթայ մը։ <br>
Քանդակագործ Պարթոլտին ֆրանսացի իրաւագիտութեան փրոֆեսոր Էտուար Ռընէօ տէօ Լապուլայէէն ({{Լեզու fr|Édouard René de Laboulaye}}) ոգեշնչուած էր։ Վերջինս, [[1865 թուական]]ին կարծիք մը յայտնած է, որ լաւ պիտի ըլլար ամերիկեան անկախութեանը նուիրված յուշարձան մը ստեղծել որպէս [[Ֆրանսա]]յի եւ Ամերիկայի ժողովուրդներու համատեղ նախագիծ։ [[Ֆրանսա]] ստեղծուած ծանր քաղաքական իրավիճակի պատճառաւ արձանի ստեղծման աշխատանքները չեն սկսած մինչեւ 1870-ականները։ [[1875 թուական]]ին Լապուլաիէն առաջարկեցաւ, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը դրամաւորէ արձանի ստեղծման աշխատանքները, իսկ ամերիկացիները տրամադրէն տեղ մը՝ արձանը տեղադրելու համար, ինչպէս նաեւ կառուցէն պատուանդանը։ Պարթոլտին աւարտեցաւ արձանի՝ ջահով ձեռքի եւ գլխու հատուածներու ձուլումը՝ այն ատենը, երբ արձանի տեսքը լիովին չէր նախատեսած, եւ այդ հատուածները սկսան ցուցադրուել հանրութեան եւ միջազգային ցուցահանդէսներու շրջանակներուն։
== Նկարագրութիւն ==
Աստուածուհին մի ոտքով կանգնած է փշրուած շղթաներու վրայ, աջ ձեռքին վեր պարզած ջահ է, ձախին՝ լատիներէն JULY IV MDCCLXXVI գրութեամբ տախտակ մը, որը ԱՄՆ անկախութեան հռչակագիրը ստորագրելու տարեթիւը կը նշանակէ (4 Յուլիս, 1776)։ <br />
Սովորաբար լաստանաւով ժամանող այցելուները կ'ելլէն 356 աստիճան մինչեւ արձանի պսակը կամ 192 աստիճան՝ մինչեւ պատուանդանին բարձրակէտը։ Պսակին 25 պատուհաններ տեղակայուած են, որոնք կը խորհրդանշեն աշխարհը լուսաւորող երկրի թանկագին քարերն ու երկնային շողերը։ Եաւթ շողերը կը խորհրդանշեն եաւթ ծովերն ու եաւթ մայրցամանքները ըստ ժամանակի արեւմտեան աշխարհագրութեան աւանդոյթի։ <br />
Արձանի պողպատեայ կմախքի կշիռն է 125 թոն, 2.57 մմ հաստութեան երեսպատման [[Պղինձ (արեւմտահայերէն)|պղնձեայ]] թիթեղներու ընդհանուր քաշն է 31 թոն։ Պատուանդանի հիմքէն մինչեւ ջահի ծայրը հեռաւորութիւնը 93 մետր է, բուն արձանի բարձրութիւնը՝ 46 մետր։ <br />
Արձանի պսակի եւ ջահի վրայի հարթակներէն կը բացուէ [[Նիւ Եորք]]ի ծովածոցու յամայնապատկերը։ Պատուանդանէն ներս արձանի պատմութեան ցուցահանդէս-թանգարանն է զետեղուած։