«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Այլ Էջեր: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [Թիֆլիս (արեւմտահայերէն) → [Թիֆլիս using AWB
Տող 17.
Ծնած է [[Սեբաստիա (արեւմտահայերէն)|Սեբաստիոյ]] Կովտուն Գիւղին մէջ՝ Սեբաստիայէն 20 քմ արեւելք, ուրկէ ստացած է Սեբաստացի Մուրատ անունը։ Ան աղքատ ընտանիքէ մըն է, որ վերջերս մեկնած էին դէպի Սեբատիա ու շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք եղած է համայն սեբաստացիներուն համար<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/256482 Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…]</ref>։ երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար, Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։
 
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ [[Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան կուսակցութեան]], որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ [[Պոլիս]]էն իր ընկերներով։ Անցաւ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]] ու [[Յունաստան]]։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]], ուր նորակազմ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութիւնը]] կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ [[Կարս (արեւմտահայերէն)|Կարս]]՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։ [[1903]]ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։
 
[[Մուշ (արեւմտահայերէն)|Մուշ]] եւ [[Սասուն (արեւմտահայերէն)|Սասուն]], [[Հրայր Դժոխք (արեւմտահայերէն)|Հրայր Դժոխքի]] եւ [[Գէորգ Չաւուշ]]ի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ կը դառնայ խիզախ զինուոր եւ կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ [[1904]]ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կ՚որոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ պաշտօնը տրուի [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկին]]։ Ան հռչակ կը ստանայ երբ Երկրորդ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, [[Աղթամար կղզի (արեւմտահայերէն)|Աղթամար կղզի]] հաւաքուած ֆետայիներու ժողովէն ետք, Թրքական զօրքի պաշարման շղթան կտրելով, կը գրաւէ նաւ մը եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցնէ։