«Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Արտաքին յղումներ: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ, Հայաստան (արեւմտահայերէն) → Հայաստան using AWB
Տող 35.
Ծնած է [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոն]] [[1905]] թ.։ Հայրը՝ Կարապետ Սիւրմէլեան, դեղագործ էր, մայրը՝ Զուարթ Տիրատուրեան։ Ունեցած է մէկ եղբայր եւ երկու քոյր։ Զաւէնը չորս զաւակներէն երրորդն էր։
 
[[1915]] թ. Հայոց Եղեռնի ժամանակ կը կորսնցնէ իր ծնողները։ Յոյն բարեկամ բժիշկ մը կը պատսպարէ չորս որբերը։ [[1916]]-ին տասնմէկամեայ Զաւէնը ռուսական նաւով կը մեկնի [[Պաթում]], ապա՝ [[Կրասնոտար]]։ Զինադադարէն ետք՝ [[1918]]-ին, Զաւէնը իր որբ ընկերներուն հետ կը հասնի Պոլիս, ապա՝ Արմաշի երկրագործական վարժարան։ Մէկ տարի ետք ընկերներուն հետ կ'որոշէ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]] երթալ, բայց հազիւ տեղ հասեր էին, երբ թուրքերը կը գրաւեն [[Կարս (արեւմտահայերէն)|Կարս]]ը։ Զաւէնն ու իր որբ ընկերները թափառական, անպատսպառ ու ցրտահար օրեր կ'անցընեն։ Ի վերջոյ՝ [[1920]]-ին կրկին կը վերադառնան Պոլիս, ուր Զաւէնը կը յաճախէ [[Կեդրոնական վարժարան]]։ Պոլսոյ որբանոցին մէջ Կենդրոնական վարժարան ուսանելու ժամանակ անոր առաջին ոտանաւորները կ'արժանանան [[Յակոբ Օշական]]ի եւ [[Վահան Թէքէեան]]ի ուշադրութեան։
 
[[1922]]-ին, Հայ գիւղատնտեսութեան միութեան աջակցութեամբ կ'անցնի ԱՄՆ, Քենզըս նահանգի երկրագործական գոլէճին մէջ ուսանելու։ Ուսաներ է նաեւ Նեպրասքայի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ։ Ստեղծագործեր է 15 տարեկանէն։ [[1924]]-ին Վահան Թէքէեանը կը խմբագրէ առանձին նամակներով ուղարկած Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւնները եւ [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]ի մէջ իր միջոցներով կը հրատարակէ անոր հայերէն միակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Լոյս Զուարթ»-ը, որ այդ շրջանի հայկական բանաստեղծութեան լաւագոյն նմուշներէն է։ Յետագային գրեր է միայն անգլերէն։
 
[[1931]]-ին Սիւրմէլեանը Լոս Անճելըսի մէջ կը խմբագրէ «[[Armenian Messenger]]» շաբաթաթերթը։