«Վահան Թոթովենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
Չ clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ, [Թիֆլիս (արեւմտահայերէն) → [Թիֆլիս, Հայաստան (արեւմտահայերէն) → Հայաստան using AWB
Տող 29.
}}
'''Վահան Թոթովենց''' ([[1 Սեպտեմբեր]] [[1889]], [[Խարբերդ]] - [[18 Յուլիս]] [[1938]]), հայ դասական գրող, արձակագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ:
[[Արեւմտեան Հայաստան]]ի Խարբերդ քաղաքը ծնած, [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ]]ուն մէջ ուսանած եւ [[խորհրդային Հայաստան (արեւմտահայերէն)|խորհրդային Հայաստան]]ի մէջ հաստատուած Թոթովենց այն հազուագիւտ հայ գրողներէն է, որու ստեղծագործութիւններուն մէջ համադրուած են արեւմտահայ, սփիւռքահայ եւ խորհրդահայ գրականութեան տարրերը։ Բազմաթիւ այլ մտաւորականներու բախտակից Թոթովենց 1938-ին [[ստալին (արեւմտահայերէն)|ստալին]]եան մաքրագործումներու զոհերէն է։
 
== Կենսագրութիւն ==
Տող 37.
[[1915]]-ին կամաւոր գրուելով կը մեկնի [[Անդրկովկաս]]՝ պատերազմի։ Կռուած է Վանի եւ Էրզրումի մէջ։ Ան զօրավար Անդրանիկի մտերիմներէն էր, անոր թիկնապահ-թարգմանիչը<ref>[http://www.ysu.am/persons/hy/Vahan-Totovenc Վահան Թոթովենց]</ref>: Յովհաննէս Թումանեանի հետ հասարակական լայն գործունէութիւն տարած է, օգնած՝ գաղթականներուն։
 
1917-1918 թուականներուն [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]] է, ուր կը գրէ ու կը հրատարակէ պատմուածքներ, կը ստանձնէ խմբագրական պատասխանատուութիւններ։ Կը խմբագրէ [[Անդրանիկ Օզանեան|զօրավար Անդրանիկ]]ի հրատարակած «Հայաստան» օրաթերթը, կը մասնակցի Անդրկովկասի մշակութային կեանքին։
Պատերազմէն ետք Վ.Թոթովենց կը մեկնի Ամերիկա, ուր կ'ապրէին իր հարազատները:
 
Տող 62.
 
[[1923]]-ին Երեւանի մէջ կը խմբագրէ «Շեշտ» երգիծական ամսագիրը, [[1924]]-[[1926]] թուականներուն կ'աշխատի [[Երեւանի պետական համալսարան]]ին մէջ, «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագրութեան մէջ։ Եղած է համալսարանի գիտնական քարտուղարը: Դասաւանդած է անգլերէն եւ արտասահմանեան գրականութիւն: Սակայն անոր կոչումը, գրականութիւնն էր: Անոր առաջին պատմուածքներուն ու վէպերուն նիւթը առնուած էր հայրենի Խարբերդէն ու ամերիկեան իրականութենէն, պատերազմի ընթացքին եւ Եղեռնի տարիներուն հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներէն
Այս շրջանին կը հրատարակէ անոր «Մահուան պատալիոն» (1923), «Պողպատի ճաշ» ([[1924]]), «Նոր Բիւզանդիոն» ([[1925]]), «Սասմայ ծռեր» ([[1925]]), «Հրդեհ» ([[1927]]) խաղարկային ստեղծագործութիւնները, վիպակներ, բազմաթիւ ակնարկներ, պատմուածքներ եւ յօդուածներ։ «Նոր Բիւզանդիոն» թատերախաղը կ'արժանանայ համամիութենական մրցանակի, կը թարգմանուի եւ կը բեմադրուի տարբեր երկիրներու մէջ, որոնցմէ [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]ի մէջ։
 
[[1929]]-[[1936]] թուականները Թոթովենցի ստեղծագործական կեանքին արգասաւոր շրջանն է. լոյս կը տեսնեն «Ամերիկա» ([[1929]]) պատմուածաշարքը, «Աղաւնիներ» ([[1934]]), «Բաց կապոյտ ծաղիկներ» ([[1935]]) պատմուածքները եւ բազմաթիւ այլ գործեր։