«Մարճըրի Յովսէփեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Մեծ Եղեռն (արեւմտահայերէն) → Մեծ Եղեռն using AWB
Տող 33.
 
== Կենսագրութիւն ==
Մարճըրի Յովսէփեան ծնած է [[1922 թուական]]ին [[Նիւ-Եորք]] [[Մեծ Եղեռն (արեւմտահայերէն)|Մեծ Եղեռն]]էն մազապուրծ յայտնի բժիշկ եւ հանրային գործիչ Մովսէս եւ Մաքրուհի Յովսէփեաններու ընտանիքէն ներս։ Պապը զոհուած է [[Զմիւռնիոյ աղէտը (1922)|Զմիւռնիոյ ջարդերուն]] ժամանակ։ [[1944 թուական]]ին աւարտած է Պարնարտ քոլէճը։ 1957-1993 թուականներուն եղած է նոյն քոլէճի գրականութեան դասախօս եւ ուսմանց օգնական տեսուչ։
 
Մարճըրի Յովսէփեան ասպարէզ մտած է որպէս գրող։ Ամերիկեան եւ անգլիագիր հայկական մամուլին մէջ տպագրած է պատմուածքներ հայկական կեանքէն, ինչպէս՝ «Տատիկիս Աղօթագիրքը» նորավէպը։ 1956 թուականին հայկական նիւթով առաջին վէպը, ամուսնին՝ գրող Մաչպի Տոպքինի հետ, գրած է «Սիրառատ Տունը» (A Houseful of Love), որուն հերոսները նոյնպէս մեծ մասամբ հայեր են։ Այս վէպն արժանացած է մի քանի հրատարակութեան, 1957-ին «Նիւ Եորք Թայմզի» ամենէն ծախուող գիրքերու ցանկին մաս կազմած է, տպագրուած [[Լոնտոն]]ի մէջ ու թարգմանուած է զանազան լեզուներու՝ նորվեգերէն, [[գերմաներէն]], [[իտալերէն]] եւ [[ճափոներէն]]։