«Յովհաննէս Աբէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ, Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն) → Կոստանդնուպոլիս, Հայաստան (արեւմտահայեր using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Եվրոպա → Եւրոպա (2) using AWB
Տող 30.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Չամախ]]։ Սկզբնական կրթութիւն ստացած է՝ ծուխի դպրոցին մէջ, ուր [[1875]] թուականին ուսման շրջանն աւարտելով մէկ տարի յետոյ մտած է [[Պաքուի Ռիալական ուսումնարան]]ի Ա. բաժանմունքը։ Մինչեւ [[1884]] թուականը մնալով Ռիալական ուսումնարանին մէջ՝ դեռ ուսումը չաւարտած, ձգելով ուսումնարանը սկսած է ծառայել [[Բաքու|Պաքուի]] մասնաւոր գրասենեակներուն մէջ։ Սակայն այդտեղ ալ տեսնելով, որ իր միտքը գործի վրայ չէ եւ զինք աւելի կը հետաքրքեն թատերական հարցերը, այդ ալ ձգելով կը նուիրուի հայ բեմին։ Դեռ աշակերտական սեղանէն սկսած է մասնակցիլ, ռուս ներկայացումներուն՝ իբրեւ սիրողական, եւ առաջին անգամ Պաքուի Մարդասիրական ընկերութեան դահլիճին մէջ բեմ դուրս գալով ու բաւական յաջող խաղալով իր դերը՝ ներկայացման ներկայ գտնուող [[Երուսաղէմ]]ի միաբան՝ Մամբրէ վարդապետէն, մեծ խրախուսանքի կ՛արժանանայ ու նուէր կը ստանայ՝ «Սանդուխտ» ողբերգութեան հայ-ֆրանսերէն օրինակը։ Այս յաջողութենէն ոգեւորուած, քիչ յետոյ ան բեմ դուրս կու գայ, արագ յառաջդիմութիւն ցոյց տալով, իբրեւ դերասան։ Անկէ մի քանի տարի առաջ ան պտըտած էր [[Եվրոպա|Եւրոպա]], այցելելով եւրոպայի գլխաւոր քաղաքները ու հետեւած՝ [[Եվրոպա|ԵւրոպայիԵւրոպա]]յի նշանաւոր դերասաններու բեմադրութիւներուն։ Աբելեանը խաղցած է, ինչպէս Կովկասեան, համարեայ, նոյնպէս ալ [[Ռուսաստան|Ռուսիոյի]] բոլոր հայկական քաղաքներուն մէջ։ Ձմեռուան թատերաշրջաններուն, առհասարակ դերեր կ՝ առներ Թիֆլիսի եւ Բաքույի մէջ։ [[1902]] թուականին կը հրաւիրուի Տփխիսի (Թիֆլիսի) հայ դրամատիքական ընկերութեան կողմէ։
 
[[1907]] թուականին, Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ կը տօնուի անոր դերասանակն 25 ամեակը, որմէ ետք աւելի եռանդուն ներկայացումներ կ՛ունենայ՝ Թիֆլիսի, [[Պաքու]]ի, Կովկասահայ կեդրոններ եւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]]։