«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ using AWB
Չ →‎Թատերական Գործունէութիւն: clean up, replaced: Իզմիր (արեւմտահայերէն) → Իզմիր using AWB
Տող 51.
Ան դերասանի իր մեծ համբաւը հիւսեց [[Արեւելեան Թատրոն|Արեւելեան թատրոնին]] մէջ: Արեւելեան թատերաշրջանի երկրորդ սկիզբը իր համբաւի գագաթնակէտն էր: Այս շրջանին, թատերական վարչութեան եւ դերասանախումին մէջ երկպառակութիւն մը կ՛ըսկսի. դերասանները իրենց ամսականները չէին ստացած, եւ այդ պատճառով վարչութեան կը մեղադրէին: Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ Էքշեան դադրի իր դերասանական ներկայացումներէն:
 
Այս բոլորէն ետք, 1863-ին, [[Իզմիր (արեւմտահայերէն)|Իզմիրէն]]էն [[Սարգիս Վանանդեցի]]էն հրաւէր ընդունելով, կրցաւ իր շուրջ համախմբել դերասաններուն մեծ մասը ու մեկնիլ [[Զմիւռնիա]]: Խումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Էքշեան, Պէնկլեան, Մնակեան, Աճէմեան, ֆասուլեաճեան, Թրեանց, Այտընեան, Չերազի, Ռ. Սետեֆճեան, Մէրասեէտեան, Արուսեակ, քոյրը՝ Աղաւնի եւ Պայծառ:
 
Զմիւռնիոյ մէջ սկիզբըր «Վասպուրական Թատրոն»-ին մէջ ներկայացումներ կ՛ըլլան եւ արդիւնքը շատ բարեբեր կ՛ըլլայ, սակայն հետզհետէ դերասաններէն ոմանք դժուարութեամբ [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] կը վերադառնան եւ յաջողութիւնները կը նուազին: Զմիւռնիոյ մէջ Էքշեան խումբին կեդրոնական դէմքն էր, եւ կատարելապէս կը փայլի: