«Թորոս Թորամանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Տեղեկաքարտ Ճարտարապետ (արեւմտահայերէն) → Տեղեկաքարտ Ճարտարապետ, Կատեգորիա:Հայ ճարտարապետներ (արւմտ․) → Կատեգ using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Եգիպտոս (արեւմտահայերէն) → Եգիպտոս, Իտալիա (արեւմտահայերէն) → Իտալիա using AWB
Տող 22.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Փոքր Հայք (արեւմտահայերէն)|Փոքր Հայք]]ի [[Շապին Գարահիսար (արեւմտահայերէն)|Շապին Գարահիսար]] քաղաքին մէջ (ուր ծնած է նաեւ [[Անդրանիկ Օզանեան|Զօրավար Անդրանիկը]]) [[1864]] թուականին, հողագործի ընտանիքի մը մէջ: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ: [[1883]] թուականին մեկնած է Կոսդանդնուպոլիս, աշխատած է որպէս ատախձագործի աշակերտ: [[1888]]-[[1893]] թթ. սորված է Կ.Պոլսու Կայսերական Գեղարուեստից ճեմարանի ճարտարապետական բաժնին մէջ: [[1896]]-[[1900]] թթ. ապրած է [[Պուլկարիա|Պուլկարիոյ]] մէջ, զբաղած է շինարարութեամբ: Սակայն անոր շատ աւելի կը հետաքրքրէր ճարտարապետութեան տեսութիւնը: 1900 թուականին կը մեկնի [[Յունաստան]], ապա [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]] եւ [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալիա]]<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/260577 Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան` Տեկորի Եւ Խձկոնքի Եկեղեցիներուն Մասին]</ref>: 1902 թուականին եղած է [[Փարիզ]], ուր ունկնդրած է դասախօսութիւններ արուեստի մասին, զբղած է արեւելեան հնագիտական առարկաներու ուսումնասիրութեամբ: 1903, 1905-1909 թթ. յայտնի հնէաբան [[Նիկողայոս Մառ (արեւմտահայերէն)|Նիկողայոս Մառ]]ի հետ միասին մասնակցած է Անիի մէջ տարուող պեղումներուն, կատարելով անոր աւերակներու ողջ ճարտարապետական նիւթի յատակագծերը, նկարները, կտրուածքները եւ վերակազմութիւնները: Իր աշխատանքներով Թ. Թորամանեանը կը յեղաշրջի կատարելու համաշխարհային ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ, ներկայացնէ հայկական ճարտարապետութեան ծագումը եւ զարգացման շրջանները:
 
20-րդ դարու սկզբին Թ. Թորամանեանի ջանքերով Զուարթնոցի աւերակները դուրս բերուեցան հողի դարաւոր շերտերու տակէն: Թորամանեանի մանրամասն ուսումնասիրութիւնները վերականգնեցուցին տաճարի իսկական պատկերը: Յայտնի դարձաւ, որ տաճարը եղած է բոլորակ, եռայարկ, հայկական թմբուկով, գմբէթաշէն ինքնատիպ կոթողով մը: Երբ պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուեցաւ Գագիկ թագաւորի արձանը՝ Գագիկաշեն Սբ.Գրիգոր տաճարի մանրակերտը ձեռքին, հաստատուեցաւ, որ Թորամանեանին յաջողած էր Զուարթնոցի յատակագծի ուսումնասիրութեամբ ճշգրտօրէն յայտաբերել շինութեան տեսքն ու ձեւը, քանի որ համաձայն պատմիչի Գագիկաշենը Զուարթնոցի կրկնութիւնն էր: