«Յովհաննէս Աբէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Եվրոպա → Եւրոպա (2) using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Եգիպտոս (արեւմտահայերէն) → Եգիպտոս, Պարսկաստան (արեւմտահայերէն) → Պարսկաստան using AWB
Տող 32.
Ծնած է [[Չամախ]]։ Սկզբնական կրթութիւն ստացած է՝ ծուխի դպրոցին մէջ, ուր [[1875]] թուականին ուսման շրջանն աւարտելով մէկ տարի յետոյ մտած է [[Պաքուի Ռիալական ուսումնարան]]ի Ա. բաժանմունքը։ Մինչեւ [[1884]] թուականը մնալով Ռիալական ուսումնարանին մէջ՝ դեռ ուսումը չաւարտած, ձգելով ուսումնարանը սկսած է ծառայել [[Բաքու|Պաքուի]] մասնաւոր գրասենեակներուն մէջ։ Սակայն այդտեղ ալ տեսնելով, որ իր միտքը գործի վրայ չէ եւ զինք աւելի կը հետաքրքեն թատերական հարցերը, այդ ալ ձգելով կը նուիրուի հայ բեմին։ Դեռ աշակերտական սեղանէն սկսած է մասնակցիլ, ռուս ներկայացումներուն՝ իբրեւ սիրողական, եւ առաջին անգամ Պաքուի Մարդասիրական ընկերութեան դահլիճին մէջ բեմ դուրս գալով ու բաւական յաջող խաղալով իր դերը՝ ներկայացման ներկայ գտնուող [[Երուսաղէմ]]ի միաբան՝ Մամբրէ վարդապետէն, մեծ խրախուսանքի կ՛արժանանայ ու նուէր կը ստանայ՝ «Սանդուխտ» ողբերգութեան հայ-ֆրանսերէն օրինակը։ Այս յաջողութենէն ոգեւորուած, քիչ յետոյ ան բեմ դուրս կու գայ, արագ յառաջդիմութիւն ցոյց տալով, իբրեւ դերասան։ Անկէ մի քանի տարի առաջ ան պտըտած էր [[Եւրոպա]], այցելելով եւրոպայի գլխաւոր քաղաքները ու հետեւած՝ [[Եւրոպա]]յի նշանաւոր դերասաններու բեմադրութիւներուն։ Աբելեանը խաղցած է, ինչպէս Կովկասեան, համարեայ, նոյնպէս ալ [[Ռուսաստան|Ռուսիոյի]] բոլոր հայկական քաղաքներուն մէջ։ Ձմեռուան թատերաշրջաններուն, առհասարակ դերեր կ՝ առներ Թիֆլիսի եւ Բաքույի մէջ։ [[1902]] թուականին կը հրաւիրուի Տփխիսի (Թիֆլիսի) հայ դրամատիքական ընկերութեան կողմէ։
 
[[1907]] թուականին, Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ կը տօնուի անոր դերասանակն 25 ամեակը, որմէ ետք աւելի եռանդուն ներկայացումներ կ՛ունենայ՝ Թիֆլիսի, [[Պաքու]]ի, Կովկասահայ կեդրոններ եւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]]։
 
[[1908]] թուականին, Թուրքիոյ սահմանդրութեան հռչակումէն ետք ան կ՛այցելէ [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլիսն]] ու շրջակայ հայաշատ կեդրոններ․ կը հասնի մինչեւ [[Պարտիզակ (արեւմտահայերէն)|Պարտիզակ]], ապա կ՛անցնի [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]], [[Փարիզ]], [[Պրիւքսէլ|Պրիւսէլ]], [[Լոնտոն]], [[Պերլին]], Ամերիկայի քաղաքները։
 
1925 թուականին-ին Կովկաս կը վերադառնայ ու կ՛այցերէ [[Հայաստան]], սակայն առանց հոն հաստատուելու․ կը նախընտրէ պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ խաղալ։