«Ռաֆայէլ Լեմքին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Գերմանիա (արեւմտահայերէն) → Գերմանիա using AWB
Տող 39.
Լեմքինի իրաւագիտական իր պրպտումները կը սկսի՝ թուրքերու կողմէ հարիւր հազարաւոր հայերու անպատիժ կոտորածները ուսումնասիրելով: Լեմքինի չարչրկող գլխաւոր հարցը ա՛յն էր, թէ չկար միջազգային օրէնք մը, որ դատաստանի առջեւ կանգնեցնէր ամբողջ ազգ մը սպաննելու որոշումը կայացուցած եւ մեծագոյն այդ ոճիրին պետականօրէն գործադրութիւնը հրահանգած թուրք պաշտօնատարները։
 
Իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու նպատակով [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|Գերմանիա]] տեղափոխուած եւ Հայտելպըրկի համալսարանը ընդունուած երիտասարդ իրաւագէտին կեանքի շրջադարձային պահը կ՛առաջանայ 1921-ին, երբ [[Պերլին]]ի մէջ [[Սողոմոն Թեհլիրեան]] կ՛ահաբեկէ [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] գլխաւոր պատասխանատուներէն [[Թալէաթ Փաշա]]ն։ Թեհլիրեանի դատավարութեան իբրեւ իրաւագէտ խորհրդականի մասնակցելով՝ Լեմքին կը լուծուի Թալէաթի ահաբեկման տուն տուած պատճառներուն ուսումնասիրութեան։ Մանրամասն տեղակագիր մը պատրաստելով Թալէաթ Փաշայի կազմակերպած կոտորածներուն մասին, Լեմքին կը յանգի այն դառն եզրակացութեան, որ դեռ գոյութիւն չունէր միջազգային որեւէ օրէնք, որ նման պետական յանցագործութեան համար դատապարտէր ոճրագործ պատասխանատուները։
 
== Ցեղասպանութիւն Եզրը ==