«Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն) → Կոստանդնուպոլիս using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Խարբերդ (արեւմտահայերէն) → Խարբերդ, Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն) → Տիգրանակերտ (2) using AWB
Տող 54.
 
== Կենսագրութիւն ==
Նախ կը յաճախածէ Դամասկոսի տարրական դպրոցը, ապա ուսումը կը շարունակէ [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] ցեղային դպրոցը եւ Թագաւորական Գոլէճը: Մինչեւ ''Առաջին համաշխարհային պատերազմ'', կարճ ժամանակ աշխատած է [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]]ի նահանգապետի գրասենեակէն ներս<ref>[http://www.aztagarabic.com/archives/18448 فائز الغصين]{{W/Ref-ar}}</ref>, որմէ ետք վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը: [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]]ի գաւարապետի պաշտօնը երեք ու կէս տարի վարելէ ետք, Դամասկոսի մէջ կը սկսի փաստաբանական աշխատանքին:
 
Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն անձամբ տեսնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան պետութեան]] խտրական քաղաքականութիւնը արաբներու, հայերու եւ այլ հպատակ ազգերու նկատմամբ՝ կը հիասթափուի Թուրք իշխանաւորներէն: Թուրք գերիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, ան կը մասնակցի լեռնային [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]ի մէջ կազմուած արաբական ազատագրական կազմակերպութիւններուն: Երիտասարդ արաբները կը ձերբակալուին եւ կը նետուին [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]]ի բանտը: Ան կ՛ազատի բանտէն [[Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|ռուս]]երու յարձակման եւ թուրքերու պարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադաձութիւններու ժամանակ: Ապրելով [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]]ի մէջ, ան ականատես եղած է հայերուն դէմ կատարուած խժդժութիւններուն, գրի առած է շատ դէպքեր:
 
Ան, որ խորապէս ըմբռնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան Կայսրութեան]] Հայերուն նկատմամբ կատարած բռնութիւններն ու ոչնչացման քաղաքականութիւնը, եւ իր մաշկին վրայ կրելով բռնատիրութեան գործած չարիքը կը գրէ այդ բոլորին մասին: [[1916]] թուկանին արաբական «Մուկատամ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մասին: Յօդուածէն ընդարձակ քաղուածքներ ռուսերէն թարգմանութեամբ կը հրատարակուին [[Մոսկուա]]յի պարբերաթերթերու մէջ: