«Ֆրանց Քաֆքա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Վիեննա (արեւմտահայերէն) → Վիեննա (2) using AWB
Չ →‎Գործունէութիւնը: clean up, replaced: Իտալիա (արեւմտահայերէն) → Իտալիա using AWB
Տող 58.
[[File:Na Porici 7, Prague.JPG|thumb|Ֆրանց Քաֆքային հին գործին վայրը:]]
 
[[1 Նոյեմբեր]], [[1907]]-ին, Քաֆքա մէկ տարի կը սկսի աշխատիլ [[Իտալիա (արեւմտահայերէն)|Իտալական]] ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ։ Անոր աշխատանքի ժամերը շատ էին եւ Ֆրանց երբեք ժամանակ չէր ունենար գրելու{{sfn|Karl|1991|p = 210}}{{sfn|Glen|2007|pp = 23–66}}։ Կարգ մը փաստեր ցոյց կու տան, թէ Քաֆքա այդ օրերուն ուրախ չէր եւ այդ պատճառով ալ, [[15 Յուլիս]], [[1908]]-ին կը հրաժարի գործէն: Երկու շաբաթ ետք, ուրիշ աշխատանք մը կը գտնէ աւելի նուազ աշխատանքային ժամերով, ինչ որ իրեն առիթը կու տայ կեդրոնանալու իր ստեղծագործութիւններուն վրայ: Քաֆքայի հայրը կը ստիպէր զինք, որ վարէր ընտանեկան արհեստը{{sfn|Stach|2005|pp = 25–27}}: Յաջորդ տարիներուն, Քաֆքայի վատառողջ վիճակը արգելք կը հանդիսանայ, որ ան շարունակէ իր աշխատանքը, թէ՛ գործավայրը եւ թէ՛ իր ստեղծագործութիւններուն վրայ: [[1915]]-ին Ֆրանց նամակ մը կը ստանայ, որու մէջ իրմէ կը պահանջուի բանակին միանալ՝ [[առաջին համաշխարհային պատերազմ]]ին պատճառով: Սակայն, անոր գործատէրերը նամակ մը կ'ուղարկեն եւ կը պահանջեն, որ իր զինուորական ծառայութիւնը յետաձգուի, որովհետեւ Քաֆքայի աշխատանքը կարեւոր էր կառավարութեան համար: Աւելի ուշ՝ Ֆրանց կը փորձէ միանալ բանակին, սակայն չի յաջողիր առողջապահական պատճառներով{{sfn|Brod|1960|p = 154}}{{sfn|Corngold|2011|pp = 339–343}}: [[1918]]-ին այդ ընկերութիւնը ուր ինք կ'աշխատէր իրեն հանգստաթոշակ կու տայ, որովհետեւ այդ օրերուն հիւծախտը լուծում կամ բժշկութիւն չունէր եւ Ֆրանց իր ժամանակը կ'անցընէր բուժարաններու մէջ:
 
=== Անձնաւորութիւն ===