«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը: clean up, replaced: Եգիպտոս (արեւմտահայերէն) → Եգիպտոս, Տիգրանակերտ (արեւմտահա using AWB
Չ clean up, replaced: Լիբանան (արեւմտահայերէն) → Լիբանան, Կիլիկիա (արեւմտահայերէն) → Կիլիկիա using AWB
Տող 10.
| ծննդավայր = [[Ռոտոսթօ]]
| վախճանած է = [[21 Մայիս]], [[1945 թուական|1967]]
| վախճանի վայրը = [[Պէյրութ]], [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]
| քաղաքացիութիւն =
| հպատակութիւն =
Տող 38.
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
[[Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg|մինի|Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ]]
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս վարդապետ]]ին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբր «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբր սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի [[Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]], ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի [[Կիլիկիա (արեւմտահայերէն)|Կիլիկիա]], ուր համերգներ կու տայ, ապա կ՚երթայ Պոլիս։[[Պատկեր:An advertisement About Kousan.jpg|մինի|ձախից]]
[[Կոմիտաս Վարդապետ (արեւմտահայերէն)|Կոմիտաս]]<nowiki/>ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար: