«Հերակլ Ա․» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Եգիպտոս (արեւմտահայերէն) → Եգիպտոս using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: Մակեդոնիա (արեւմտահայերէն) → Մակեդոնիա, Փոքր Ասիա (արեւմտահայերէն) → Փոքր Ասիա using AWB
Տող 5.
'''Հերակլէս''' ([[575]] - [[11 Փետրուար]] [[641]]), ամբողջական անունը '''Ֆլավիոս Օգոստոս Հերակլէս''' (լատիներէն՝ Flavius Heraclius Augustus, յունարէն՝ Φλάβιος Ἡράκλειος), Բիւզանդիոնի կայսր։ Անոր գահակալութիւնը սկսաւ 608 թուականին։ Մեծ յաղթանակ տարաւ [[Փոկաս]] կայսեր ապստամբութեան դէմ։ Փոկաս տապալած էր Մորիսի կայսրութիւնը եւ գրաւած էր անոր գահը, կայսրութիւնը ենթարկած էր անկարգութիւններու։ Հերակլէսի հայրը՝ Մեծն Հերակլէս, յաջող առաջատար ռազմական մըն էր, մասնակցած է Մորիս կայսեր մղած պատերազմներուն, իր յաղթանակներուն համար՝ Մորիս Կայսր զինք նշանակած է փոխ-կայսր [[Հիւսիսային Ափրիկէ]]ի, եւ նստավայրը՝ Գարթաժ, ուր ան անցուց կեանքի առաջին հանգրուանը։ Ըստ պատմական կարգ մը աղբիւրներու, առկայ է այն փաստը, որ Հերակլէս հայկական ծագում ունի՝ [[Կապադովկիա]]յէն։ Հերակլէս նաեւ կը համարուի հիմնադիրը Հերակլեան գերդաստանի՝ հարստութեան, որուն կայսրութիւնը տեւեց մինչեւ [[711]] թուական։
 
Հերակլէսի գահակալութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած է բազմաթիւ ռազմական արշաւներ։ Անոր իշխանութեան առաջին տարուան ընթացքին Սասանեան կայսրութեան բանակը ներխուժեց Բիւզանդական կայսրութեան խորքը՝ [[Անատոլիա (արեւմտահայերէն)|Անատոլիա]]։ Հերակլէս, հիմնականին մէջ, պատասխանատու էր՝ պետական քաղաքականութեան բարեփոխումներու, բանակի բարեկարգման, եւ ապա դիմադրելու [[Սասանեան Պարսկաստան|Սասանեան պարսիկներ]]ու։ Պատերազմի առաջին հանգրուանը աւարտեցաւ բիւզանդացիներու պարտութեամբ, պարսկական բանակը մօտեցաւ [[Պոսֆորի նեղուց]], եւ քանի որ Կոստանդնուպոլիս լաւապէս պահպանուած ու պաշարուած էր, թշնամին չկարողացաւ ներխուժումը շարունակել, ինչ որ Հերակլէս ամբողջական պարտութենէ փրկուեցաւ։ Ան խաղաղութեան դաշնագիր կնքեց պարսիկներու հետ, ըստ որուն Հերակլէս տարեկան մեծ գումար տուրք պիտի վճարէր։ Ասկէ ետք ան սկսաւ ռազմական եւ քաղաքացիական բարեփոխումներու, որուն հետեւանքով ռազմական արշաւանքներ կատարեց [[Փոքր Ասիա (արեւմտահայերէն)|Փոքր Ասիոյ]] եւ Հայաստանի վրայ, Սասանեան պետութեան տարածքներէն անցնելով, եւ վաստակելով վերջնական յաղթանակ [[Նինուէի ճակատամարտ (627)|Նինուէի ճակատամարտ]]ով [[627]] թուականին։ Խաղաղութեան պայմանագիր կնքեց [[629]] թուականին, գահընկեց ընելէ ետք Պարսից Խոսրով Բ. թագաւորը։ Ըստ վերջին պայմանագրին կը նախատեսուէր վերականգնել նախքան պատերազմի՝ [[602]] թուականի սահմանները։ Սակայն Հերակլէսի պարսիկներու դէմ տարած փառաւոր յաղթանակը երկարատեւ չէր։ Ան պարտութեան ենթարկուեցաւ այս անգամ խալիֆայութեան կողմէ, զոր տապալեց Բիւզանդական իշխանութիւնը [[Սուրիա|Սուրիոյ]], [[Եգիպտոս]]ի, [[Լիպիա|Լիպիոյ]] եւ այլ ոլորտներու մէջ։
 
Կրօնական գետնի վրայ, կը պատմուի, որ Հերակլէս եղած է շարժիչ ուժ քրիստոնէութիւնը տարածելու [[Պալքանեան կղզիներ|Պալքանեան]] կղզիներու մէջ։ Անոր խնդրանքով, Հռոմի Պապ Յովհաննէս IV ուղարկած է ուսուցիչներ եւ քրիստոնեայ միսիոնարներ [[Մակեդոնիա (արեւմտահայերէն)|Մակեդոնիա]] եւ Քրուաթիա։ Ան նաեւ փորձեր է բարեփոխումներ կատարել համայնքի հակամարտութեան եւ եկեղեցւոյ [[Քաղկեդոնի ժողով (արեւմտահայերէն)|Քաղկեդոնի ժողով]]ի կողմէ իր առաջարկի Monotheleh բանաձեւով, բայց չէ յաջողած։ Ըստ իսլամական աղբիւրներու՝ կը յայտնուի, որ գոյութիւն ունի նամակ մը Մուհամետ մարգարէի կողմէ ուղարկուած Հերակլէսի։
 
[[Կատեգորիա:575 ծնունդներ (արւմտ․)]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հերակլ_Ա․» էջէն