«Լուիս Քերըլ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎top: կատեգորիայի հեռացում using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւնը: clean up, replaced: Անգլիա (արեւմտահայերէն) → Անգլիա using AWB
Տող 32.
Լուիս Քերըլն իր մասին անգամ մը ըսած է. «Ես որոշած էի մաթեմատիկոս դառնալ, սակայն իմ երեւակայութունը չբաւեց եւ ես դարձայ ֆանթասթ գրող»։
==Կենսագրութիւնը==
Ծնած է [[1832 թուական]]ի [[27 Յունուար|Յունուարի 27-ին]] [[Անգլիա (արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] Չեշիր կոմսութեան Տարսպերի գիւղին մէջ, հոգեւորականի ընտանիքի մը մէջ։ Ունեցած է 7 քոյր եւ 3 եղբայր։ Ուսման մեջ առաջին քայլերը ըրած է դեռ տանը, դրսեւորելով իր խելացիութիւնն ու հմտութիւնը։ Ան ձախլիկ էր։ Չհաստատուած փաստեր կան, ըստ որոնց՝ անոր կ՛արգելէին ձախ ձեռքով գրել, ինչին հետեւանքով անոր հոգեբանութիւնը խախտուած է եւ անոր մոտ սկսած է նկատուիլ կակազութիւն։
 
12 տարեկան հասակին ընդունուած է Ռիչմոնտէն ոչ հեռու գտնուող մասնաւոր դպրոց մը։ Սակայն 1845 թուականին իր կամքին հակառակ ստիպուած կ՛ըլլայ տեղափոխուիլ ուրիշ դպրոց։ 1851 թուականին կը տեղափոխուի [[Օքսֆըրտ]] եւ կ՛ընդունուի այնտեղի ամենաարիսթոքրաթ համալսարաններէն մեկը։ Չնայած անոր, որ ընդհանուր առմամբ լաւ չէր սորվիր, բայց մաթեմատիկական բարձր ունակութիւններու շնորհիւ կը ստանայ պաքալաւրի կոչում եւ նոյնիսկ կը յաղթէ համալսարանին մէջ կազմակերպուած մաթեմաթիքի թելադրութեան (''լեկցիա'') մրցոյթին։ Իր կեանքի յետագայ 26 տարիներուն ան մաթեմաթիք կը դասաւանդէր, ու չնայած իր ստացած աշխատավարձին, այնուամենայնիւ ան այդ կը համարէր տխուր զբաղմունք մը։