«Մարթա Արկերիչ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Իտալիա (արեւմտահայերէն) → Իտալիա using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Անգլիա (արեւմտահայերէն) → Անգլիա using AWB
Տող 40.
Արկերիչ իր առաջին համերգը կը նուագէ ութ տարեկանին։ Ան կը կատարէ [[Լիւտվիկ Վան Պեթհովէն]]ի առաջին դաշնամուրային համերգը, [[Ուոլֆկանկ Մոզարթի]] ռէ մինոր համերգը, ինչպէս նաեւ Եոհան Սեպասթիան Պախի հինգերորդ [[Ֆրանսիական|ֆրանսական]] համերգը։
 
Այնուհետեւ Արկերիչի ընտանիքը կը տեղափոխուի [[Եւրոպա]]։ Մարթան կը սորվի տարբեր եւրոպական քաղաքներուն մէջ, տարբեր վաստակաւոր ուսուցիչներու հետ։ Ան կը սորվի [[Անգլիա (արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] եւ [[Աւստրալիա|Աւստրիոյ]] մէջ։ Ընդամէնը երկու շաբաթուան ընթացքին ան կը շահի երկու առաջին-դիրքի մրցանակ՝ [[Ժնև|Ժնեւ]]ի եւ [[Իտալիա|Իտալիոյ]] մէջ։
[[File:Martha argerich cck jul15.jpg|thumb|left|250px|Արկերիչ համերգի մը ժամանակ, Յուլիս 2015 թուականին:]]
[[1965]] թուականին ան փայլուն եւ յաջող ելոյթ մը կ'ունենայ [[Ֆրետերիք Շոփեն]]ի անուան դաշնակահարներու մրցոյթին։ Իր չափազանց նուրբ եւ երաժշտական նուագին շնորհիւ ան կը շահի երեք մրցանակ։ Այնուհետեւ Արկերիչը կը սկսի իր անձնական գործընթացքը։ Ան ելոյթներ ունեցած է աշխարի շատ տարբեր քաղաքներու մէջ կատարելով տարբեր ժամանակաշրջաններու երաժշտութիւններ։ Բացի մենաուագներէն ան նաեւ հանդէս եկած է տարբեր երաժիշտներու հետ՝ սենեկային ասպարէզին մէջ։ Որպէս ժիւրիի անդամ, Մարթա հրաւիրուած է տարբեր մրցոյթներու։ Արկերիչը կը զբաղի նաեւ բարեգործութեամբ եւ դէպի «մեծ բեմ» ճանապարհ բացած է տարբեր երիտասարդ դաշնակահարներու համար։ Ան ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ, օրինակ՝ 3 [[Կրեմմի]], որպէս տարուայ լաւագոյն կատարողը։ [[2001]] թուականին ան ճանաչուած է որպէս տարուայ արուեստագէտը։