«Սուր (քաղաք)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Լիբանան (արեւմտահայերէն) → Լիբանան (3), Բաբելոն (արեւմտահայերէն) → Բաբելոն using AWB
Չ clean up, replaced: Հեփեստոսի Տաճար (արեւմտահայերէն) → Հեփեստոսի Տաճար, Ասորեստան (արեւմտահայերէն) → Ասորեստան, Նոր Կտակարան (արեւ using AWB
Տող 27.
Սուրը նշանաւոր էր իր իւրայատուկ եւ թանկարժէք մանիշակագոյնն ներկին արտադրութեամբ, որ կ'արտադրուէր միւրէքս ձուկէն: Այս գոյնը կը կոչուէր սուրեան մանիշակագոյն: Այս գոյնը կը պահուէր թագաւորական կամ ազնուական ընտանիքներու համար:<ref>Bariaa Mourad. ''"Du Patrimoine à la Muséologie : Conception d'un musée sur le site archéologique de Tyr",''(Thesis); Museum National d'Histoire Naturelle (MNHN), Study realised in cooperation with the Unesco, Secteur de la Culture, Division du Patrimoine Culturel, Paris, 1998</ref>
 
Սուրէն փիւնիկեցիներ կը հաստատուին [[Մեմֆիս (արեւմտահայերէն)|Մեմֆիս]]ի մէջ՝ [[Հեփեստոսի Տաճար (արեւմտահայերէն)|Հեփեստոսի տաճար]]ի հարաւը գտնուող Սուրի բանակատեղի:<ref>{{cite book|last=[[Herodotus]]|title=The Histories|publisher=Oxford World's Classics|isbn=9780199535668|page=137}}</ref>
 
[[Եգիպտոս]] յաճախ կը յարձակէր Սուրի վրայ [[Ասորեստան (արեւմտահայերէն)|ասորի]] թագաւոր Շալմանեսեր Ե., որ 5 տարիէ օգնութիւն կը ստանար բուն հողի փիւնիկեցիներէն, կը պաշարէ Սուրը: Ք.Ա. 586-էն մինչեւ Ք.Ա. 573 քաղաքը կը պաշարուի [[Բաբելոն]]ի Նեպուչատնեզզար Գ.-ի կողմէ, մինչեւ հարկ վճարելու համաձայնութեան գոյացուի փիւնեկեցիներուն եւ Բաբելոնի միջեւ:<ref>{{cite book|last=Bement|first=R B|title=Tyre; the history of Phoenicia, Palestine and Syria, and the final captivity of Israel and Judah by the Assyrians|publisher=Ulan Press|asin=B009WP2MR8|page=48}}</ref>
 
=== Պարսկական ժամանակաշրջան ===
Տող 46.
Ք.Ա. 64-ին, երբ Սուր կը դառնայ հռոմէական նահանգ մը, կը պահէ իր անկախ վիճակը՝ իբրեւ դաշնակից նահանգ ({{lang-lat|civitas foederata}}):<ref>E. G. Hardy, Roman Laws and Charters, New Jersey 2005, p.95</ref><ref>[http://www.attalus.org/bc1/year64.html#31 64 B.C. – events and references]</ref> Սուր կը շարունակէ մնալ առեւտրական կարեւոր կեդրոն մինչեւ Քրիստոսի ծնունդէն ետք: Հռոմէական ժամանակաշրջանին, Սուրի ժողովուրդը կը սկսին հաստատուիլ մերձակայ շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Քետեշի,<ref>[[Josephus]], ''[[Wars of the Jews]]'' (ii.xviii.§1; iv.ii.§3)</ref> Քըրմոլ լերան<ref>[[Josephus]], [[Wars of the Jews]]'' (iii.iii.§1)</ref> եւ հիւսիսային Պուքիայի մէջ:<ref>Josephus, ''De Bello Judaico'' ([[Wars of the Jews]] III, 35 (''Wars of the Jews'' [http://www.perseus.tufts.edu/hopper/text?doc=Perseus%3Atext%3A1999.01.0148%3Abook%3D3%3Awhiston+chapter%3D3%3Awhiston+section%3D1 3.3.1])</ref>
 
[[Աստուածաշունչ]]ի [[Նոր Կտակարան (արեւմտահայերէն)|Նոր Կտակարան]]ին մէջ կը նշուի, որ [[Յիսուս Քրիստոս]] այցելած է Սուր ու [[Սայտա]] եւ բժշկած է ոչ-հրեայ մը:(Մատթէոս 15:21, Մարկոս 7:24) Այս շրջաններէն շատ մարդիկ կու գային իր քարոզները լսելու: (Մարկոս 3:8, Ղուկասի աւետարան 6:17, Մատթէոս 11:21-23) Սուրբ Ստեփանոսէն ետք կը հիմնուի միութիւն մը: Իր երրորդ քարոզչական արշաւանքէն ետք, Պօղոս առաքեալ իր մարգարէներուն հետ այնտեղ ժամանակ կ'անցնէ: Ըստ [[Լիոն (արեւմտահայերէն)|Լիոն]]ի Երանիոսի «Կնոսիս կոչուածին յայտնաբերութեան եւ շրջման», Սիմոն Մակոսի աղջիկ ընկերակիցը եկած է այստեղէն:
 
Նշանաւոր Հատրեանի կամարը եւ շրջանի լաւագոյն ձիարշաւարանները կը կառուցուին [[Հռոմէական Կայսրութիւն|Հռոմէական կայսրութեան]] ժամանակ:<ref>[https://www.youtube.com/watch?v=kilb7bDgSSA Video showing the Roman hippodrome of Tyre]</ref>
Տող 59.
1111-ի առաջին պաշարման ձախողութենէն ետք, Խաչակիրներու առաջին խումբը կ'արշաւէ Սուրի վրայէն [[7 Յուլիս]] 1124-ին ու կը դառնայ [[Երուսաղէմի Թագաւորութիւն|Երուսաղէմի թագաւորութեան]] կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը: Անիկա թագաւորական կալուած կը դառնայ, հակառակ անոր, որ անիկա [[Իտալիա|Իտալիոյ]] վաճառական քաղաքներու հետ առեւտուր կ'ընէր:
 
1187-ի Հաթթինի պատերազմի խաչակրական պարտութեան եւ [[Անգլիա (արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] Ռիչարտ Ա.-ի Աքրան գրաւելէ ետք (12 Յուլիս 1191), թագաւորական աթոռը կը փոխադրուի [[Աքրա (արեւմտահայերէն)|Աքրա]], բայց թագադրութիւնները տեղի կ'ունենային Սուրի մէջ: ԺԳ. դարուն, Սուր կը բաժնուի թագաւորական կալուածէն:
 
=== Մեմլուքեան ժամանակաշրջան ===
Տող 74.
Ներկայի Սուրը կը ծածկէ բուն կղզիի եւ կղզին ու բուն ցամաքը միացնող ճամբուն մեծ մասը: Դարերու ընթացքին տեղի ունեցած ցեխի նուազումին պատճառով, այս միացնող ճամբան բաւական կը լայննայ: Կղզիին այն բաժինը, որ այսօր չի գտնուիր Սուրի սահմաններուն մէջ, իր ունեցած հնութիւններուն պատճառով է:
 
Պաղեստինեան Ազատագրութեան Կազմակերպութեան կատարած յարձակումներէ եւ վրէժխնդրութիւններէ ետք, ինչպէս՝ [[Իսրայէլ]]ի դեսպան Արկովի մահափորձը, 1978-ի [[Լիբանան|Հարաւային Լիբանան]]ի պատերազմով Իսրայէլ կը գրաւէ շրջանը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ Սուրի ահաւոր աւերման: Սուր դարձեալ կը վնասուի Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան Ազատագրութեան Կազմակերպութեան միջեւ տեղի ունեցած 1982-ի լիբանանեան պատերազմի ժամանակ: Քաղաքը կ'օգտագործուի իբրեւ Պաղեստինեան Ազատագրութեան Կազմակերպութեան զինուորական կայան եւ կը կործանուի իսրայէլական հրետանիով:<ref>The toll of three cities, ''The Economist'' June 19, 1982. p. 26.</ref> 1982-ի պատերազմէն ետք, Սուր կը դառնայ իսրայէլական զօրակայան: 1982-ի վերջաւորութեան եւ Նոյեմբեր 1983-ին, իսրայէլցիներ ապաստանող շէնքեր կը կործանուի ռմբակոծումով, ինչ որ պատճառ կը դառնայ շատ մը կեանքի կորուստներու երկու կողմերէն. այս մէկը Իսրայէլի կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ Սուրի առաջին եւ երկրորդ աղէտներ: 1983-ի Պէյրութի [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]-ի զինուորներու եւ [[ֆրանսա]]կան ջոկատի զօրանոցներու ռմբակոծումէն 10 օր ետք, բեռնատար ինքնաշարժով մը անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի կ'ունենայ: [[Իսրայէլ]] եւ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]] կը մեղադրեն [[Իրան]]ն ու [[Հըզպ Ալլահ|Հըզպալլա]]ն, բայց անոնք կը հերքեն իրենց միջամտութիւնը այս գործողութիւններուն հետ:
 
2006-ի Իսրայէլի Լիբանանի գրաւման ժամանակ, քաղաքին շրջակայքը գտնուող շատ մը անբնակելի վայրեր կ'օգտագործուին իբրեւ հրասանդի արձակման կեդրոններ:<ref>Butcher, Tim. [http://www.smh.com.au/news/world/rebels-were-ready-for-attacks/2006/07/26/1153816254833.html Rebels were ready for attacks]. ''Sydney Morning Herald'' 27 July 2006.</ref> Բազմաթիւ վայրերու կողքին, նուազագոյնը մէկ գիւղ կը ռմբակոծուի Իսրայէլի կողմէ՝ պատճառելով քաղաքացիներու մահ եւ Սուրի մէջ սնունդի պակաս:<ref>Engel, Richard. [http://msnbc.msn.com/id/14030075/ Desperation descends on Tyre, Lebanon.] ''MSNBC'' 25 July 2006.</ref>
Տող 108.
* {{դրոշ|Իսպանիա}} Մալակա, [[Սպանիա]]
* {{դրոշ|Ֆրանսիա}} Փերփիյնան, [[Ֆրանսա]]
* {{դրոշ|Թունիս}} Թունիս, [[Թունիս (արեւմտահայերէն)|Թունիս]]
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Տող 129.
[[Կատեգորիա:Հնադարեան քաղաքներ]]
[[Կատեգորիա:Քաղաքներ]]
[[Կատեգորիա:Լիբանանի քաղաքներ (արւմտ.)]]
[[Կատեգորիա:Նաւահանգիստներ (արւմտ.)]]
[[Կատեգորիա:Պատմական քաղաքներ (արւմտ.)]]