«Ազդակ (օրաթերթ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 9.
 
== Բովանդակութիւն ==
 
*Մեծածաւալ 10 էջերէ բաղկացած «Ազդակ» օրաթերթը լոյս կը տեսնէ շաբաթը 6 օր եւ արձակուրդ կ'առնէ Կիրակի օրերը։ Ան կ'արձագանգէ նախորդ օրուան մինչեւ ուշ ժամերը աշխարհի տարածքին, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն ու զանոնք ընթերցողներուն կը հրամցնէ հիմնական լուրերը տեղադրելով իր առաջին էջին վրայ՝ համապատասխան խօսուն ու կենդանի նկարներով։ Օրուան գլխաւոր դէպքը բնականաբար կը խլէ օրաթերթին հիմնական դիրքը եւ անոր նկարին չափը շատ աւելի մեծ կ'ըլլայ միւս նկարներէն։ Երկրորդ էջին մէջ կը պարզուի լիբանանեան կեանքը՝ իր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական զուտ լրատուութեամբ, հոն տեղ կը գտնեն նաեւ վերլուծական ոչ շատ երկար յօդուածներ, ակնարկներ, նշմարներ կամ կարծիքներ։ Երրորդ էջը յատկացուած է նախորդ օրն իսկ լիբանանահայ կեանքին մէջ կայացած ձեռնարկներուն եւ նորութիւններուն։ Նոյն էջին մէջ յատուկ սիւնակով օրաթերթը տեղ կու տայ նախորդ օրուան լիբանանեան օրաթերթերուն մէջ հրատարակուած ուշագրաւ խորագիրներուն, լուրերուն եւ ակնարկութիւններուն։ Չորրորդ ու հինգերորդ էջերը յատուկ են իրենց հայրենի բոյրով, Հայաստանի զանազան բնագաւառներուն մէջ եղած զարգացումներն ու նորութիւնները կ'երեւին այդ էջերուն մէջ։ Հոն կը տեղադրուին նաեւ հայկական կեանքին վերաբերող յօդուածներ, սփիւռքահայ կեանքին մասին տեղեկութիւններ, հարցազրոյցներ, վերլուծական երկար յօդուածներ, գրախօսականներ, թղթակցութիւններ եւ այլն։ Երկու շաբաթը անգամ մը՝ Չորեքշաբթի օրերը չորրորդ էջը կը յատկացուի միջազգային կամ հայ քաղաքական, մշակութային դէմքերու, ինչպէս նաեւ՝ Հայ Դատի հետ առնչուած անձնաւորութիւններու հետ «Ազդակ»ի թղթակիցին ունեցած հարցազրոյցին։ Երկուշաբթի օրերը էջ 5ին մէջ կ'երեւին լիբանանեան կեանքին վերաբերող՝ յատկապէս լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն առնչութեամբ երկիրը յուզող քաղաքական տագնապներ եւ թղթածրարներ։ Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը էջ 5ը կը յատկացուի Հայ Դատին վերաբերող լուրերուն, Հինգշաբթի օրերը՝ գաղութային կեանքին, իսկ Շաբաթ օրերը էջը կը նուիրուի հայ գրականութեան։ Երեքշաբթի օրերը էջ 6ը յատկացուած է միջազգային քաղաքական կեանքին, Չորեքշաբթի՝ Թուր-քիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ պատահած նորութիւններուն, Հինգշաբթի՝ լիբանանեան ընկերային կեանքին եւ հոգերուն, ինչպէս նաեւ՝ սննդագիտութեան, Ուրբաթ՝ 7րդ արուեստին ու շարժապատկերի աշխարհին, իսկ Շաբաթ՝ արուեստի ու մշակոյթի։ Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը թերթին 7րդ էջին մէջ տեղ կը գտնեն աշխարհի մշակութային ու ընկերային կեանքին վերաբերող երկար, որոշ չափով վերլուծական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ, օտարներուն կարծիքը՝ տուեալ երեւոյթներուն շուրջ եւ այլն։ Երեքշաբթի օրերը գիտական լուրերն ու նորութիւնները լոյս կը տեսնեն այս էջով, Չորեքշաբթի հայկական գաղութները կը տողանցեն հետեւողական կերպով՝ իրենց պատմականով, հինով ու նորով։ Հինգշաբթի օրերը էջը կը յատկացուի կիներուն, անոնց հետաքրքրութիւններուն եւ աշխարհին, Շաբաթ օրերը մանուկները իրենց բաժինը կը ստանան եւ այս էջը ամբողջութեամբ կը լեցուի մանկապատանեկան լուրերով, ձեռային աշխատանքներով, խաղերով, հանելուկներով, գիտելիքներով եւ այլն։ 8րդ էջին պատկերը նոյն է ամէն օր, անոր մէջ տեղ կը գտեն լիբանանեան կեանքի մշակութային նորութիւնները, տեղի ունեցող ձեռնարկները, աղթարքը, սակարանը, օդերեւոյթը, 50 տարի առաջ նոյն օրը «Ազդակ»ին մէջ լոյս տեսած յատկանշական լուրերը եւ ազգային կեանքին մէջ պատահած իրադարձութիւնները, խաչբառը եւ ծանուցումներն ու յայտարարութիւնները: 9րդ էջին մէջ մարզական կեանքը կ'եռայ թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ հայաստանեան եւ թէ միջազգային գետիններուն վրայ: Հոն տեղ կը գտնեն նաեւ մարզական կեանքին վերաբերող խրախուսիչ ակնարկներ, վերլուծական յօդուածներ, նշմարներ եւ այլն: Վերջին էջը աշխարհին քաղաքական զարգացումները կը փոխանցէ ընթերցողին՝ նախորդ գիշերը տեղի ունեցած իրադարձութիւնները հասցնելով անոր տունն ու գործատեղին:
 
Տող 34 ⟶ 33՝
*Գիշերային եւ ցերեկային աշխատակազմով գործող այս օրաթերթին մէջ որոշ էջեր երկու օր առաջ կը պատրաստուին, ինչպէս՝ մանկապատանեկան, մշակութային, գրական, Հայ Դատ, ընկերային, սննդագիտական եւ այլն, իսկ լրատուութեան բաժինի լուրերը նախորդ գիշերը մինչեւ ուշ ժամեր հետեւելէ ետք կը գրուին, կը խմբագրուին եւ կը հրատարակուին։
 
== Նշումներ ==
* Kevork Yazdjian, Lebanese-Armenian press in 2002, Yerevan, 2004, 47 p. ISBN 99930-4-293-5
 
== Աղբիւրներ ==
Տող 41 ⟶ 40՝
 
[[Կատեգորիա:Հայկական օրաթերթեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Սփիւռքահայ օրաթերթեր (արեւմտահայերէնարւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ մամուլ (արւմտ․)]]