«Ճոմոյ Քենեաթա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: {{Լեզու en → {{lang-en| using AWB
Չ →‎Գործունէութիւն: clean up, replaced: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (արեւմտահայերէն) → Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ using AWB
Տող 33.
Քենեաթան ծնած է քիքուեու ցեղի գիւղացիներու ընտանիքին մէջ Պրիթանական արեւելեան [[Ափրիկէ]]ի Քիամպու բնակավայրին մէջ: Միսիոնական դպրոցէն ներս սորված է, զանազան աշխատանքներ կատարած է մինչեւ քաղաքականութեան մէւ մտնելը: 1929-ին դէպի [[Լոնտոն]] ճամբորդած է ցեղապատկան հողերու խնդիրները քննարկելու համար: 1930-ականներուն ան սորված է Մոսկուայի եւ Լոնտոնի տարբեր համալսարաններէն ներս:
== Գործունէութիւն ==
1938-ին հրապարակած է քիքուեուներու կեանքի մարդաբանական ուսումնասիրութիւնը: [[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|ԵՀՊ]]-ին ընթացքին տարուած է հակագաղութատիրական եւ համայնափրիկէական գաղափարներով, կազմակերպելով Մանչեսթրին մէջ համայնափրիկէական համաժողովը: 1946-ին ան Քենիա վերադարձած եւ դպրոցի մը տնօրէն դարձած է: 1947-ին Քենիայի ափրիկէական միութեան նախագահ ընտրուած է, որուն միջոցաւ Պրիթանական գաղութատիրութենէն անակախանալու շարժումը յառաջ տարած է: <br>
1964-ի Դեկտեմբերին, Քենիան պաշտօնապէս հանրապետութիւն հռչակուեցաւ, Քենեաթան դարձաւ անոր գործող նախագահ, միւորելով երկրի ղեկավարի եւ կառավարութեան գլխաւորի գործառոյթները: 1965-ին եւ 1966-ին կատարուած են սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնք նախագահին դիրքերը ուժեղցուցած են:<br>
Քենեաթան կոչ ըրաւ ներել եւ մոռնալ անցեալը, ինչը ներկայ կառավարութեան անկիւնաքարը պիտի ըլլայ: Ան պահպանած է անցեալ գաղութատիրական կարգի տարրեր իր վարչարարութեան մէջ, մանսւորաբար, օրէնքի եւ կարգի հարցերուն մէջ: Ոստիկանութիւնը եւ զւնուած ոյժերը հիմնականին մնացին անձեռնմխելի: Ճերմակ քենիացիները մնացած են արդարադատութեան, քաղաքացիական ծառայութեան եւ խորհրդարանին մէջ ունեցած իրենց արտոնեալ դիրքերուն: Պրիւս ՄքՔենզին