«Աբրահամ Այվազեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Խարբերդ (արեւմտահայերէն) → Խարբերդ using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: շատ մը → բազմաթիւ using AWB
Տող 36.
Իր եղբօր՝ Գէորգ Այվազեանի հետ [[1869]]-ին հիմնել է «Մամուլ» երգիծաթերթը։ «Մամուլ» պարբերականին մէջ եւ այլ թերթերուն մէջ տպած է յօդուածներ, ակնարկներ։ «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ տպած է շարք մը նշանաւոր հայերու կենսագրութիւններ։ [[1860]]-ականներուն լոյս ընծայած է բանաստեղծութիւններու եւ այլ բնոյթի մի քանի գրքոյկներ, ինչպէս «Արտասուք Հայ մանկան», «Ի Մահ Մամիկոնեան Վարդանայ Հայ Դիւցազնին» ([[1862]]), «Առաջին Մրմունջք» ([[1864]]), «Անակրեոնեան Նուագք» ([[1865]]) եւ այլն։
 
Ճամբորդած է շատ մըբազմաթիւ հայաբնակ քաղաքներ եւ իր գործերուն համար նիւթեր հաւաքած, այս առթիւ ահա իր խօսքերը. {{քաղվածք|Զիս ճանչցողները գիտեն, որ փոշտանկ հիւանդութեամբ տառապելովս հանդերձ ամէն կողմ արշաւած եմ եւ կ՛արշաւեմ կենսագրելի անձանց ժամանակից ծերունիները գտնելու, հազուագիւտ ձեռագիրներ եւ յիշատակարաններ պրպտելու եւ օգտուելու, եւ մանաւանդ՝ երբեմն արժանահաւատ աւանդութեանց դիմելու եւ ապաւինուելու...։|}}
 
Առաւել ուշագրաւ է անոր «Շար Հայ Կենսագրութեանց» ([[1893]]) եռահատոր աշխատութիւնը, որ կը պարունակէ 18-19-րդ դարերու մշակութային գործիչներու կենսագրութիւնները։ Հակառակ համիտեան գրաքննական խստութիւններուն, այդ հատորին մէջ տեղ գտած են նաեւ [[Խաչատուր Աբովեան]]ն ու [[Միքայէլ Նալբանդեան]]ը, գրաքննական նկատառումներով առաջինը ներկայացուած է, որպէս՝ Քանաքեռցի Խաչատուր, Նալբանդեանը որպէս՝ Միքայէլ Պայտարեան։