«Ատլանտիտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Բլաթոնի Երկխոսութիւնը: clean up, replaced: ինր → ինրեւ using AWB
Տող 11.
== Արասփելի Պատմութիւնը ==
=== Բլաթոնի Երկխոսութիւնը ===
Ադլանդիտի մասին բոլոր տեղեկութիւնները կը պարունակէն Բլաթոնի երկու երկխոսութիւնները «Թիմեյ» (համառոտ) եւ «Կրիտիյ» (մանրամասն).«Թիմեյ»-ի երկխոսութիւնը կ՛սկսի Սոգրադի եւ պիւդակորական Թիմեյի դատողութիւններով լաւագոյն պետական կառոյցի մասին։ Համառոտ նկարագրելով կատարեալ պետութիւնը, Սոգրաթը կը բողոքէ ստացուած նկարին վերացական եւ սխեմատիկ ըլլալը եւ ցանկութիւն կը հայտնէ «լսել նկարագրութիւն մը ,որ ինչպէս կը պահէ իրեն այդ պետութիւնը այլ երկիրներուն դէմ կը պայքարի,ինչպէս այն արժանավայել ձեւով պատերազմի մէջ կը մտնէ, պատերազմի ընթացքին անոր քաղաքացիները՝ ըստ իրենց ուսման եւ դաստիարակութեան,ինչպէս կը կատարեն իրենց պարտքը ըլլայ այդ բանակի դաշտը կամ իւրաքանչիւր այլ պետութիւններու հետ բանակցութիւններու»: Ընդառաջելով այդ ցանկութեանը, երկխոսութեան երրորդ կողմը, Աթենի քաղաքական գործիչ, Կրիտիյը կը ներկայացնէ իբրեւ իր պապի՝ ավագ Կրիտիյի պատմած Աթենի եւ Ադլանդիտի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի պատմութիւնը, որ իր հերթին այդ մասին իմացած է Սոլոնի զրոյցներուն։ Վերջինս իմացած է անոր մասին Եգիպտոսական քրմերէն։ Պատմութեան իմաստը հետեւեալն է. ժամանակով, 9000 տարի առաջ ( Կրիտիյի եւ Սոլոնի ապրած ժամանակներէն առաջ, այսինքն, մ.թ.ա. VI-V դդ. ), Աթենը շատ փառահեղ, հզոր եւ առաքինի պետութիւն էր. Անոր հիմնական մրցակիցը նշուած Ադլանդիտն էր. «Այդ կղզին իր չափերով աւելի մէծ է, քան Լիպիան եւ Ասիան միասին»: Անոր վրայ առաջացած է «իր մեծութեամբ զարմանահրաշ եւ զորութեամբ արքաութիւն», որ իրեն ենթարկած էր ամբողջ Լիպիան՝ մինչեւ Եգիպտոս եւ Եւրոպան մինչեւ Տիրրենիյա (արեւմտեան Իտալիա): Այդ թագավորութեան ամբողջ ուժերը նետուած են Աթենը ստրկացնելու համար։ Աթենացիները, հելենների գլխաւորութեամբ, ոտքի կը կանգնին, իրենց ազատութիւնը պաշտպանելու համար, եւ չնայած բոլոր դաշնակիցներուն դաւաճանութեանը, իրենց քաջութեան եւ առաքինութեան շնորհիւ հետ մղած էն ներխուժումը, ջախջախել ադլանդներուն եւ ազատագրուել վերջիններուն կողմէն ստրկացուած ժողովուրդներուն։ Սակայն հետո, տեղի ունեցած է ահռելի բնական աղետ, որուն արդիւնքը մէկ օրուայ ընթացքին աթենացիներու ողջ բանակը ոչնչացաւ, իսկ Ադլանդիտը խորասուզուեցաւ ծովին հատակը։ "Կրիտիյ" երկխոսութեան, նոյն մասնակիցներուն հետ, ուղղակի «Թիմեյի» շարունակութիւնն է եւ ամբողջութեամբ նուիրուած է հին Աթենի եւ Ադլանդիտի մասին Կրիտիյի պատմութեան։ Աթենն այն ժամանակ (մինչեւ երկրաշարժն ու ջրհեղեղը) մեծ եւ աներեւակայելի բերրի երկրի կենտրոնն էր։ Ան բնակեցուած էր առաքինի ժողովուրդով, որ ստեղծած էր կատարեալ (Բլաթոնի կարծիքով) պետական կառուցուածք։ Մասնաւորապէս, ամէն ինչ կը կարաւարէյին իշխանաւորներներն ու ռազմիկները, որոնք կ՛ապրէյին հիմնական հողագործ-արհեստագործական զանգուածէն առանձին՝ Ագրոբոլի մէջ, կոմունիստական համայնքով։ Համեստ եւ առաքինի Աթենին կը հակադրուէր գոռոզ եւ հզոր Ադլանդիտը։ Ըստ Բլաթոնի, Ադլանդներու ցեղը ծագած էր Բոսեյիտոն աստծոյ եւ մահկանացու Գլեյթո աղջկան ամուսնութեան։ Ան լոյս աշխարհ բերած էր տասը աստվածային որդիներ, որոնց ավագը Ադլանդն էր։ Անոնց միջեւ ալ ան բաժնած էր կղզին եւ, անոնց դարցած էին անոր թագաւորական տոհմի նախահայրեր։ Կղզին կենտրոնական հարթավայեւը կը տարածուէր 3 հազար բեմահարթակ երկարութեամբ (540 կմ) եւ 2000 բեմահարթակի (360 կմ) լայնութեամբ։ Կղզիին կեդրոնն է բլուր մը, որ ծովը կը գտնվուէր 50 բեմահարթակ (8-9 կմ) հեռավորութեան վրայ։ Այդ պաշտպանելու համար Բոսեյիտոնը անցկացրած էր երեք ջուրի եւ երկու հողէ օղակները, իսկ ադլանդները այդ օղակներուն հետ կամուրջներ գցած էին եւ կառուցած էին ջրանցքներ, որպէսզի նաւերը կարողանան անցնիլ անոնց միջոցով ընդհուպ մինչեւ քաղաք, իսկ, աւելի ճիշտ մինրեւմինրեւեւ կեդրոնական կղզի, որ ունէր 5 բեմահարթակ (մէկ կիլոմետրէն քիչ մը պակաս) տրամագծով։
 
Ընդհանրապէս Բլաթոնը մեծ տեղ տուած է կղզիին չլսուած հարստութեան եւ բերքատւութեան մասին նկարագրութիւններուն, անոր խիտ բնակեցուած, հարուստ բնական աշխարհի մասին (ըստ հեղինակի այնտեղ նոյնիսկ փիղեր կ՛ապրէին)։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ատլանտիտ» էջէն