«Արամ Տիգրան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Արամ Տիգրան կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան: clean up, replaced: Հայաստան (արեւմտահայերէն) → Հայաստան using AWB
Տող 77.
Հետեւաբար հանգուցեալին ընտանիքը զայն յուղարկաւորեց իր բնակութեան վայր Պրիւքսէլի մէջ: Իխելլէս շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին քրտական միութիւններու, կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ՝ հանգուցեալ Արամ Տիգրանի պարագաներ եւ սգակիրներու հոծ բազմութիւն:
 
Յաւարտ արարողութեան դամբանական խօսեցաւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասարկու '''Մեսրոպ Պարսամեան''', որ վեր առաւ Արամ Տիգրանի կեանքի ուղին իբրեւիբրեւեւ արուեստագէտ, արդարութիւնը սիրող, իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդարութեան հաւատացող ու այդ ճամբով ալ՝ իր նուիրաբերումով այլոց օրինակ հանդիսացած, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւիբրեւեւ հաւատաւոր հայ մը:
 
Եկեղեցիէն քիչ մը անդին գտնուող գերեզմանատան մէջ հանգուցեալին դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ իր հարազտներուն ու երկրպագուներուն կողմէ: Արարողութենէն ետք դամբանական խօսեցան քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Արամ Տիգրանի ընտանիքին անունով հանգուցեալի տղան՝ Յակոբ Տիգրանը: