«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: Լիբանան (արեւմտահայերէն) → Լիբանան, Կիլիկիա (արեւմտահայերէն) → Կիլիկիա using AWB
Չ clean up, replaced: իբր → իբրեւ (3) using AWB
Տող 33.
== Կենսագրութիւն ==
 
Բարսեղ Կանաչեան ծնած է [[1885]]-ին, [[Ռոտոսթօ]]։ Կօշկակարի մը զաւակ է։ Երեք տարեկանին կը մեկնի [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ կը յաճախէ [[Կէտիկ Փաշայի Ազգային Վարժարան]]ը: 90-ական թուականներուն կը գաղթէ [[Պուլկարիա]] եւ կը շարունակէ ազգային ուսումը։ [[Վառնա]]յի մէջ կը յաճախէ հայկական վարժարան, որուն զուգահեռ կը հետեւի ջութակի դասընթացքներու, աշակերտելով [[Մեծիկեան]]ի եւ պարսկահայ ջութակահար [[Նաթան բէկ Ամիրխանեան]]ի: Վառնայի մէջ կ՚աշխատի վաճառականի մը քով իբրեւիբրեւեւ գրագիր։ 1905-ին ընտանեօք կը փոխադրուի [[Պուքրէշ]], ուր ջութակի դասերը կը շարունակէ ռումանացի ջութակահար [[Ժորժ Պույուք]]ի քով։ Նկատելով Կանաչեանի ընդունակութիւնները, Պույուք անոր կը սորվեցնէ դաշնակ նուագել: Կ՚երգէ եկեղեցիներուն մէջ եւ ջութակ կը նուագէ նուագախումբերու հետ, մաս կազմելով նաեւ տեղւոյն սիմֆոնիք նուագախումբին: Քաղաքական պատճառներով դարձեալ կը գտնուի Վառնա, ուր կը հրաւիրուի Պենլեանի օփերային թատերախումբի նուագախումբը ղեկավարելու:
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին կու գայ Պոլիս եւ հոն կը կազմէ ու կը վարէ հայկական առաջին նուագախումբը՝ «Քնար»ը, ապա «Մասիս»ը: Կը դասաւանդէ ազգային վարժարաններէն ներս: 1910-ին ոգեւորուած Կոմիտասի առաջին համերգէն, կ'անդամակցի անոր երգչախումբին, ապա կը դառնայ մեծ երաժիշտին լաւագոյն աշակերտներէն մէկը՝ 1913-էն [[1915]] :
 
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
[[Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg|մինի|Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ]]
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս վարդապետ]]ին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբրիբրեւ «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբրիբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի [[Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]], ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի [[Կիլիկիա]], ուր համերգներ կու տայ, ապա կ՚երթայ Պոլիս։[[Պատկեր:An advertisement About Kousan.jpg|մինի|ձախից]]
[[Կոմիտաս Վարդապետ (արեւմտահայերէն)|Կոմիտաս]]<nowiki/>ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար: