«Գաբրիէլ Երանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Կատեգորիա:Հայ երգահաններ (արւմտ․) → Կատեգորիա:Հայ երգահաններ using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: իբր → իբրեւ using AWB
Տող 14.
Երանեանի քով աւելի դէպի եւրոպականը միտում մը կը տեսնուի, որուն ապացոյցն է [[Տիգրան Չուխաճեան]]ի՝ [[1862]] [[Յունուար 1]]–էն «Քնար»-ի խմբագրութեան մասնակցիլը։ Բայց թերթը հազիւ թէ բոլորած էր իր առաջին վեցամսեան, երբ կը դադրէր կը դադարի [[1862]] [[Փետրուար 15]]–ին, 12–րդ թիւը հրատարակուելէ ետք։
 
Երաժշտութեան փափաքը հետզհետէ կը տարածուէր ժողովուրդին մէջ, մանաւանդ՝ Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք։ Ամէն կողմէ երգեր կը պատրաստուէին եւ Պէյքօղի տարեդարձի հանդէսներուն փայլը կ՛աւելցնէին։ Եւրոպական գաղափարներ հետզհետէ մուտք կը գործէին ազգայինին մէջ ու [[Եւրոպա]] գացող եւ վերադարձող սերունդը կը զգար երաժշտութեան կարեւորութիւնը։ Դաշնակը մուտք գործած էր հայ սալօններու մէջ եւ ահա [[1862]]-ի [[Մարտ]]ին Երանեանի թերթին օգնելու համար երաժշտական ընկերութիւն մը կը կազմուի, նպատակ ունենալով երաժշտութեան ճաշակը մեր մէջ տարածել, նուագածուներ յառաջ բերել, ինչպէս նաեւ «Քնար Հանդէս»ը կանոնաւոր կերպով եւ ժամանակին հրատարակել։ Այդ ընկերութեան հիմնադիրները ժամանակին ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւններն էին՝ Աղաթօն, [[Երուանդ Օտեան|Օտեան]], Միւհենտիսեան, Քէօչէեան, Նեւրուղեան, [[Նահապետ Ռուսինեան|Ռուսինեան]] եւ ուրիշ անձնաւորութիւններ։ Ասոնք ուսումանկան յանձնաժողով մը ունէին իբրիբրեւ իրենց օժանդակ, որուն մաս կը կազմէին՝ [[Թորոս Նազարեան]], Մ․ Մարուեան, [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մ․ Պէշիկթաշլեան]], [[Յակոբ Ոսկան]], Սրապիոն Հէքիմեան, Ս․ Փափազեան, Նոյպէս զանազան թաղերու մէջ մասնաժողովներ ունէր, որոնք ձրի դասախօսութիւններ կ՛ընէին։ Այս ընկերութիւնը թերթին երկրորդ շրջանի առաջին թիւը կը հրատարակէ [[1862]] [[Ապրիլ 30]]–ին։
 
Տարաժամ մահը՝ Գաբրիել Երանեանի, ընտիր դասատու երաժշտութեան, Հոկտեմբերի 13–րդ օրը վերածեց՝ սգոյ օրի մեր երաժշտաց դասուն համար։