«Գէորգ Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: իբր → իբրեւ (2) using AWB
Տող 7.
Մարտիրոս [[3]] տարի Խասգիւղի վարժարանին ներս ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ, այս միջոցին՝ [[1831]] թուականին, [[Եկեղեցի]]ն կը նորոգուի ու կ՛ընդարձակուի, զոր օծումը կը կատարէ Կարապետ Պատրիարք։
 
Եկեղեցիին շինութեան աւարտէն ետք, դպրոցին շինարարական աշխատանքներուն ձեռնարկումը կը կատարուի, ինչ որ տարիէ մը աւելի կը տեւէ։ Այդ պատճառով դպրոցը Ճաֆճաֆեան Մինասի տունը կը փոխադրուի։ Արծրունի այդ միջոցին կ՛ամուսնանայ, իսկ [[1832]] թուականին քահանայ կ՛օծուի՝ Ալաւնի Ստեփան Պտրիարքի ձեռամբ, Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Այն շրջանին Գաղէղ Յարութիւն ամբրան Պատրիարքէն կը պահանջէ, որ վարժագետի ցուցակ մը պատրաստուի, որուն մէջ գտնուէր նաեւ Արծրունին, զոր օծուած էր՝ իբրիբրեւ Խասգիւղի եկեղեցւոյ քահանայ։
 
[[1835]] թուականին Պատրիարքարանի կողմէ, կ՛ընտրուի «Դաստաստանական եւ Սրբաքննութեան Ժողովներ»ու անդամ, իրեն ընկեր ունենալով Բաշէոս վարդապետ, Տէր Գալուստ Օրթալիւի եւ Տ. Զաքարիա Բերայի։
Տող 19.
Այս ընթացքին, «Հոգեւոր Ժողով»ի անդամ կ՛ընտրուի եւ աւելի ետքը «Կրօնական Ժողով»ի անդամ. իր վերջին պաշտօնը կ՛ըլլայ, Յարութիւն Պատրիարքի օրով, «Աւագերիցանց Յանձնաժողովոյն» ատենապետութիւնը։
 
Արծրունի Շահնազարեան Կարապետ վրդ.-ի մտերիմը եղած է եւ Ներսէս Վարժապետեանին վարդապետ ձեռնադրուելու խորհուրդ տուած է։ Իր բոլոր ժամանակակից եկեղեցականներէն եւ նոյնիսկ [[Բողոքական համայնք (արեւմտահայերէն)|Բողոքական]] միսիոնարներէն միշտ յարգուած է եւ իր տունը ժամադրավայր մը եղած՝ բոլոր մեծ անձնաւորութիւններուն, որոնք աշխարհի չորս կողմէն կու գային [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ անպատճառ Խասգեղ երթալով կ՛այցելէին հարիւրամեայ ծերունիին։ Գոհունակութեան կոնդակներ ստացած է [[Մատթէոս]], [[Սիս (արեւմտահայերէն)|Սիսի]] Կիրակոս եւ Գէորգ Կաթողիկոսներէն։ Իր միակ մանչ զաւակին կատարեալ կրթութիւն տուած է եւ երբ հէգ Տոքթ. Միհրան Արծրունի բժշկութեան վկայականը առած Բարիզէն կը վերադառնար, ահա տարաբաղդ հօր յոյսերը կը մեռնին. մահը կանխահաս կերպով կը խլէր զայն իր եւ ընտանիքին ձեռէքն։ Ինք սակայն, իբրիբրեւ կատարեալ հաւատացեալ, կը հաւատար ան[[Մահ (արեւմտահայերէն)|մահութեան]] եւ անդադար կ՛օրհնէր կամքն «Յաւիտենականին Աստուծոյ»։
 
Արծրունի բացի ընտիր [[հայերէն]]էն, գիտէր նաեւ բաւական [[ֆրանսերէն]] եւ [[իտալերէն]]։ Ունէր անտիպ կրօնական եւ բարոյագիտական գրութիւններ, որոնց մէջ արտայայտած է՝ իր հակառակ ոգին, Լատին կղերին դէմ։ Այդ ձեռագրերը [[1896]] թուականին Խասգիւղի մէջ կողոպտուած եւ ջնջուած են։