«Մանուէլ Շաշիեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎top: կատեգորիայի հեռացում
Չ →‎top: clean up, replaced: շատ մը → բազմաթիւ using AWB
Տող 9.
Իր հայրը այն ատեն բժշկական ասպարէզին փառքի գագաթնակէտին հասած էր, Մանուէլ իր հօր ձեռքին տակ մեծ համբաւ կը շահի եւ անոր մահուընէ ետք ա՛լ աւելի հռչակաւոր կը դառնայ։ Բնակած է Օրթագիւղ ու երբեմն ալ [[Ղալաթիա]], հայ ու օտար բազմաթիւ երեւելիներու անձնական բժիշկը եղած է։ Իր հօրը մահէն ետք, անոր կատարած բժշկական մեծ ծառայութեանց փոխարէն, Մանուէլ բժիշկ պատիւ ունեցաւ Սուլթան Մահմուտ Բ․ կայսեր «Արքունի Բժիշկ» անուանուելու, պաշտօն մը, զոր վարեց երկար տարիներ մեծ յաջողութեամբ։ Երջանկայիշատակ Սուլթան Մահմուտի մահէն վերջ Սուլթան մէճիտ կայսեր անձնական բաժիշկը անուանեցաւ։
 
Գրական շատ մըբազմաթիւ աշխատութիւններ ունեցած է, որոնք Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին մէջ այրած են։ [[1831]]-[[1832]] թուականներուն [[Պոլիս|Պոլսոյ]] մէջ քոլերան սաստկապէս ճարակելով ինք յաջողած է համոզել երեւելիներէն շատեր եւ սկսիլ հիմնարկութեան բանկալթիի [[Հակոբեան|Ս․ Յակոբայ]] անկելանոցին, որ նախապէս պարզ տաղաւար-[[Ժանտախտ (Քոլերա)|ժանտախտանոց]] մը ու քանի մը տարի ետք [[1836]]–ի [[Օգոստոս 1]]–ին Աբելեան, Սաքաեան, Արդարեան, Ղազարոսեան, Սաքըզեան, Գազազեան երեւելիներու շնորհիւ եղած է այսօրուան հաստատութիւնը, ինչպէս նշանակուած է յիշեալ հաստատութեան ճակատը։ Երկար ատեններ գովելի անձնուիրութեամբ բժշկապետը եղած է Ս․ Յակոբայ հիւանդանոցին եւ իր մահուան մօտ՝ [[1857]] [[Նոյեմբեր]]ին, կարեւոր գումար մը կտակած է սոյն հաստատութեան։
 
[[1838]]–ին, երբ Սուլթան Մահմուտ Բ․ հիմնեց [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] առաջին բժշկական վարժարանը [[Բերա]]յի Կայաթա-Սէրայի հին շէնքին մէջ։ Շաշիեան խորհրդատու եղած էր ու կարծել տալով Շահզատէ Պաշիի ճերահլար մեքթեպին, հաստատել տուած է այսօրուան բժշկական վարժարանը։ պատուած է Սուլթան Մէճիտ իր իսկ ձեռքով կախած է վզէն։