«Ալեքսանդր Միասնիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Տե՛ս նաեւ: clean up, replaced: Տե՛ս Նաեւ → Տե՛ս նաեւ using AWB
Չ →‎Միասնիկեանը Հայաստանի մէջ: clean up, replaced: Հայկական Հարց (արեւմտահայերէն) → Հայկական Հարց using AWB
Տող 37.
Երկրի տնտեսութեան վերականգնման, արեւմտահայ փախստականներուն տեղաւորելու, քաղաքական պատերազմի հետեւանքները վերցնելու, երկրին մէջ կայունութիւն հաստատելու համար, Ալեքսանդր Միասնիկեան աշխատանքային մեծ գործունէութիւն ծաւալած է։ Ան կարեւորած է հայ մտաւորականութեան Հայաստանի մէջ համախմբելու եւ անոր համար ստեղծագործ աշխատանքի անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու խնդիրը։ Այդ կապակցութեամբ պաշտօնական հրաւերներ ուղղարկած է նկարիչ [[Մարտիրոս Սարեան]]ին, ճարտարապետ [[Ալեքսանդր Թամանեան]]ին, լեզուաբան [[Հրաչեայ Աճառեան]]ին եւ ուրիշներու։ Խորհրդային Հայաստանի գործիչներէն Միասնիկեանը առաջինն է, որ անդրարադձած է Հայաստանի եւ [[Հայկական Սփիւռք (1920-1930-ական թուականներ)|Սփիւռքի]] փոխ-յարաբերութիւններուն. յատուկ ուսումնասիրութիւն նուիրած է Սփիւռքի մէջ հայ ազգային քաղաքական կազմակերպութիւններու խնդիրներուն։
[[Պատկեր:Alexander Myasnikyan 2012 Armenia stamp.jpg|մինի|Ալեքսանդր Միասնիկեան, դրոշմանիշ|250px|աջից]]
1910-ական թուականներուն Ալեքսանդր Միասնիկեան լոյս ընծայած էր շարք մը յօդուածներու՝ նուիրուած հայոց գիրերու գիւտի նշանակութեանը, [[Միքայէլ Նալպանտեան]]ի, [[Յովհաննէս Թումանեան]]ի, [[Յովհաննէս Յովհաննիսեան]]ի, [[Ալեքսանդր Ծատուրեան]]ի ստեղծագործութիւններուն։ Բազմիցս անդրադարձած է [[Հայկական Հարց (արեւմտահայերէն)|Հայկական հարցին]]՝ զայն «գորդեան հանգոյց» անուանելով, որուն շուրջ հիւսուած են եւրոպական երկիրներու տարաձայնութիւններն ու շահերը։ 1913-ին [[Մոսկուա]]յի մէջ հանդէս եկած է Հայկական հարցի մասին դասախօսութեամբ, որուն դրոյթները 1913-1914-ններուն լոյս տեսած են «[[Մշակ (թերթ, արեւմտահայերէն)|Մշակ»]] թերթին մէջ։ Միասնիկեանի աշխատութիւնները լոյս տեսած են առանձին ժողովածուով (Երկեր, 4 հատոր, 1984-86)։
 
4-5 Յուիս 1921-ին, Ալեքսանդր Միասնիկեան մասնակցած է ՌԿ(բ) կ կենտկոմի Կովկասեան բիւրոյի լիագումար նիստին, ուր քննարկուած է [[Լեռնային Ղարաբաղ (արեւմտահայերէն)|Լեռնային Ղարաբաղի]] հարցը։ Դէմ է քուէարկել [[Իոսիֆ Ստալին]]ի միջամտութեամբ [[Արցախի Բռնակցումը Խորհրդային Ազրպէյճանին|Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի]] կազմին մէջ մտցնելու մասին որոշմանը։