«Հրաչեայ Ներսիսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Դերասանական Կեանքը: clean up, replaced: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (արեւմտահայերէն) → Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (2) using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Ապրիլ (արեւմտահայերէն) → Ապրիլ using AWB
Տող 38.
Արուեստասէր Գրիգոր պապի (մօրաքրոջ ամուսինին) տունը կ'ըլլար գրողներու ու արուեստի մարդիկ։ Շատ յաճախ՝ [[Դանիէլ Վարուժան]]ը։ Պատանի Հրաչեան անոնց զրոյցներու մշտական ունկնդիրն էր։ Անոր կը վիճակուի լսել [[Կոմիտաս Վարդապետ (արեւմտահայերէն)|Կոմիտասին]] իրենց իսկ տունը, ուր ապրած էր մեծ երաժիշտը, ծանօթանալ անոր հետ։
 
[[1915|1914]]-1918 Հրաչեան կը զինակոչուի իբրեւ թրքական բանակի թարգմանիչ, նոյն թուականի [[Ապրիլ (արեւմտահայերէն)|Ապրիլի]]նին ալ կը սկսի Մեծ եղեռնը։ Ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին կ՛ու­ղար­կո­ւի ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներ, ուր ա­կա­նա­տես կը դառնայ իր ազ­գա­կից­նե­րու կո­տո­րած­նե­րուն: Հրաչեան 1918-ին նորէն կը յայտնուի [[Կոստանդնուպոլիս]]<ref name=":1" />։ Ամէն ինչ, որ կ'ընէ երիտասարդը իր համար այնքան անհեռանկար միջավայրի մէջ, կը գործրակամայ, առանց որեւէ նպատակի։ Բնատուր լաւ ձայնի տէր, բնածին երաժշտական Հրաչեան կը յայտնուի Պենկլեան օպերետին մէջ իբրեւ երգչախումբի շարքային անդամ մը։ Նոյն թուականին Մկրտիչ Ջանանը կը կազմակերպէ հայ դրամատիկական ընկերութիւն եւ Հրաչեային կը հրաւիրէ իր նախաձեռնութեամբ։ Թատրոնի ներկայացումներուն, մեծամասնութեամբ ֆրանսական մելոդրամաներու բեմադրութիւններուն, կը մասնակցի նաեւ Հրաչեան։ 1919-էն սկսեալ գլխաւոր դերեր ստանձնած է բեմադրիչ եւ դերասան Մկրտիչ Ջանանի «Հայ դրամատիկ» թատերախումբին մէջ։ Ճիշդ այստեղ ալ, 1919-ին, «Ձայնը հնչեց» պիեսի մէջ խաղալու ատեն երիտասարդը կը գրաւուի Օվի Սեւումեանին, որ Կոստանդնուպոլիս էր եկած երիտասարդ ուժեր հաւաքելու եւ Կովկաս տանելու նպատակով<ref>{{Cite web|url=http://archive.azator.gr/index.php/yushatetr/11314-1895-1961|title=Հրաչեայ Ներսիսեան (1895-1961). Հայ Բեմի ազնուական վարպետը|last=|first=|date=|website=archive.azator.gr|publisher=}}</ref>։ Հրաչեան դերեր կը ստանայ Սեւումեանի բեմադրութիւններուն մէջ, բայց յաջորդ իսկ տարին Սեւումեանը կը վախճանի։ Հայ թատրոնը կը կորսնցնէ իր ամէնէն յառաջադէմ գործիչը, Հրաչեան ուսուցիչը ու խորհրդատուն։ Ետքը ան կը խաղայ տարբեր ներկայացումներու մէջ, որ կը բեմադրեն Վահրամ Փափազեանի և [[Յովհաննէս Աբէլեան]]ի ղեկավարութեամբ։ 1922-ին Վահրամ Փափազեանը Հրաչեային, Մկրտիչ Ջանանին եւ քանի մը այլ դերասաններու կը ղրկէ Կովկաս։ Որոշ ժամանակ մը անոնք կը շրջագային Բաթում եւ ուրիշ հայաշատ քաղաքներ, ապա առանց Հրաչեայի կը մեկնին Երեւան եւ կը միանան Առաջին պետթատրոնի կազմին։ Հրաչեայ Ներսիսեանը անոնց կը միանայ մէկ տարի ետք։
 
1923-ին ան մշտնջենաւորապէս կը դառնայ [[Երեւան]] քաղաքի բնակիչ, հայկական առաջին թատրոնի դերասան։