«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: {lang-en|| → {lang-en| (22) using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
{{Արևելահայերեն|Չարլզ Դարվին}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ
| անուն ազգանուն =
| բնագիր ԱԱՀ =
| պատկեր = Charles_Darwin_1880.jpg
| չափ =
| նկարագրութիւն =
| ծնած է = [[Փետրուար]] [[12]], [[1809 թուական|1809]]
| ծննդավայր = [[Մաունթ]], [[Շրիւսպերի]]
| վախճանած է = [[Ապրիլ]] [[19]], [[1882 թուական|1882]]
| վախճանի վայրը = Տաունի, Լոնտոն
| քաղաքացիութիւն = Մեծն Բրիտանիա

| հպատակութիւն =
| ազգութիւն =
| [[ալմա մատեր]] = [[Քրիստի քոլեճ]], [[Էտինպուրկի համալսարան]]
եւ [[Շրիւսպերի դպրոց]]
| կրօնք = [[Անաստուած]]
| ազդուած է =
| ազդած է =
| գրքեր =
| աշխատանք =
| կարողութիւն =
| մասնագիտութիւն = բնագէտ, երկրաբան,
մարդկութեան յառաջացման տեսաբան, ճանապարհորդ
հետազօտող,
քաղաքական գործիչ, գրող ճանապարհորդ,
բուսաբան, քաղցկեղաբան,
բարագէտ, միջատաբան
եւ բնապահպանագէտ
| ամուսին = Էմմա Տարուին
| ծնողներ = Հարը՝ Ռոպըրթ Տարուին,
եւ մայրը՝ Սուսանա Տարուին
| երեխաներ = 10 Երեխաներ
| պարգեւներ և մրցանակներ = Ուոլասթոնի մետալ, Թագաւորական մետալ,
Կոպլիի մետալ, Արուեստի եւ
գիտութեան ոլորտներուն մէջ
ունեցած վաստակի շքանշան եւ Լոնտոնի
թագաւորական ընկերութեան անդամ
| կայքէջք =
| ստորագրութիւն = Charles_Darwin_Signature.svg

'''Չարլզ Ռոպըրթ Տարուին''' ({{lang-en|Charles Robert DarwinԱԾ}} [[12 Փետրուար]] [[1809 թուական|1809]], Մաումթ, Շրիւսպերի – [[19 Ապրիլ]], [[1882 թուական|1882]]<ref>https://portal.dnb.de/opac.htm?method=simpleSearch&cqlMode=true&query=idn%3D118523813</ref> Տաունի, [[Լոնտոն]]), անգլիացի բնագէտ եւ ճանապարհորդ։ Առաջիններէն մէկը որ գիտակցած եւ պատկերաւոր կերպով արտայայտած է, որ կենդանի մարմիններու բոլոր տեսակները ընդհանուր նախնիներէ բնաշրջումի կ՚ենթարկուին։ Իր տեսութեան մէջ, որուն առաջին լայնածաւալ շարադրումը տպագրուած է 1859 թուականին «Տեսակներու ծագումը» գիրքին մէջ (ամբողջական անուանումը՝ «Տեսակներու ծագումը բնական ընտրութեան ճանապարհով կամ կեանքի համար պայքարի ընթացքին բարենպաստ ցեղերու գոյատեւումը»), Տարուին բնաշրջումի հիմնական շարժիչ ուժ համարած է բնական ընտրութիւնը եւ անորոշ փոփոխականութիւնը։

Բնաշրջումի գոյութիւնը ճանչցուած է գիտնականներու մեծամասնութեան կողմէ Տարուինի ողջութեան ժամանակ իսկ, այն պարագային, երբ բնական ընտրութեան տեսութիւնը որպէս բնաշրջումի հիմնական շարժիչ ուժ ընդհանուր ճանաչում ստացած է միայն 20րդ դարու 30ական թուականներուն։ Տարուինի յայտնագործութիւնները եւ գաղափարները վերամշակուած ձեւով հիմքը կը ստեղծեն բնաշրջումի համադրական տեսութեան համար եւ կը կազմեն կենսաբանութեան հիմքը, որ կ'ապահովէ կենսաբազմազանութեան տրամաբանական բացատրութիւնը։ Տարուինի տեսութեան ուղղափառ հետեւորդները կը զարգացնեն բնաշրջական միտքի ուղղութիւնը, որ կը կրէ իր անունը (տարուինիզմ)<ref name="wikidata.org">https://www.wikidata.org/wiki/Q922063</ref>։
Տող 35 ⟶ 7՝
== Կարճ կենսագրութիւնը ==
=== Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը ===
'''Չարլզ Տարուին'''ը ծնած է [[1809 թուական]]ի [[Փետրուար]] [[12]]-ին Շրոփշիր կոմսութեան Շրուսպերի [[Shrewsbury]] քաղաքի Մաունթ Հաուս ({{lang-en|{{resize|85%|Mount House}}}})<ref name="wikidata.org"/> տոհմական կալուածի մէջ։ Կայացած բժիշկ եւ ֆինանսագէտ Ռոպըրթ Տարուինի ({{lang-en|{{resize|85%|Robert Darwin}}}}) եւ Սիւզըն Տարուինի (ծնունդով՝ Ուէճվուտ {{lang-en|{{resize|85%|Wedgwood}}}} վեց երեխաներէն հինգերորդն էր։ Ան երկու նշանաւոր ապոլիցիոնիստ պապերու թոռ էր՝ հօր կողմէն՝ Էրասմուս Տարուինի մօր կողմէն՝ [[Ճոզայա Ուէճվուտ]]ի։

'''Չարլզ Տարուին'''ը ծնած է [[1809 թուական]]ի [[Փետրուար]] [[12]]-ին Շրոփշիր կոմսութեան Շրուսպերի [[Shrewsbury]] քաղաքի Մաունթ Հաուս ({{lang-en|{{resize|85%|Mount House}}}})<ref name="wikidata.org"/> տոհմական կալուածի մէջ։ Կայացած բժիշկ եւ ֆինանսագէտ Ռոպըրթ Տարուինի ({{lang-en|{{resize|85%|Robert Darwin}}}}) եւ Սիւզըն Տարուինի (ծնունդով՝ Ուէճվուտ {{lang-en|{{resize|85%|Wedgwood}}}} վեց երեխաներէն հինգերորդն էր։ Ան երկու նշանաւոր ապոլիցիոնիստ պապերու թոռ էր՝ հօր կողմէն՝ Էրասմուս Տարուինի մօր կողմէն՝ [[Ճոզայա Ուէճվուտ]]ի։

Այդ երկու ընտանիքները հիմնականին մէջ ընդունած են ունիտորականութիւնը, բայց Ուէճվուտները եղած են Անգլիական եկեղեցւոյ ատեպտներ։ [[Ռոպերթ Տարուին]]ը, ըլլալով բաւականին ազատ հայեացքներու տէր, համաձայնած էր, որ փոքրիկ Չարլզը հաղորդութիւն ստանայ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ Չարլզը եւ իր եղբայրները մօր հետ միասին կ'այցելէին Ունիտորական եկեղեցի։ [[1817]]-ին ցերեկային դպրոց ընդունուելով, 8-ամեայ Տարուինը արդէն կը հաղորդակցուէր բնական պատմութեանը եւ հաւաքածոներ կը կազմէր։ Նոյն տարուն, [[Յուլիս]] ամսուն կը մահանայ անոր մայրը։ 1818 [[Սեպտեմբեր]]էն մեծ եղբօր Էրազմի ({{lang-en|{{resize|85%|Erasmus Alvey Darwin}}}}) հետ կը յաճախէ [[Շրուսպերի]]ի մօտակայ Անգլիական դպրոց ({{lang-en|{{resize|85%|Shrewsbury School}}}}), որպէս պանսիոներ։ Մինչ եղբօր Էրազմի հետ Էտինպուրկի համալսարան ուղեւորուիլը ան 1825-ի ամրանը հանդէս կու գայ որպէս օգնական-աշակերտ եւ կ'օգնէ հօրը իր բժշկական ասպարէզին մէջ՝ օգնութիւն ցուցաբերելով Շրոփշիրի չքաւորներուն։
Տող 46 ⟶ 17՝

=== Կեանքի քեմպրիճեան ժամանակահատուածը ([[1828]]-[[1831]]) ===
[[Պատկեր:Charles Darwin by G. Richmond.jpg|մինի|ձախից| նոյնիսկ երիտասարդ ժամանակ, Տարոուինը դարձաւ գիտական խումբի անդամ (Նկարի հեղինակը [[Ջորջ Ռիչմոնդ|Ճորճ Ռիչմոնդ]], 1830)]]

Տարուինին հայրը գիտնալով, որ տղան ձգած է բժշկութեան ուսուցումը շատ կը սրտնեղի եւ կ'առաջարկէ անոր ընդունուիլ Քեմպրիճի քրիստոնէական քոլէճ եւ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ քահանայի աստիճան ստանալ։ Տարուինի խօսքերով Էտինպուրկի մէջ անցուցած օրերը անոր մէջ կասկած յառաջացուցած էին անգլիական եկեղեցւոյ կանոններու նկատմամբ։ Այդ իսկ պատճառով մինչ վերջնական որոշում կայացնելը ան մտածելու ժամանակ կ՛առնէ։ Այդ ընթացքին ան ջանասիրութեամբ կը կարդայ աստուածաբանական գիրքեր եւ վերջին հաշուով կը համոզէ ինքզինքին եկեղեցական կանոններու ընդունելիութիւնը եւ կը պատրաստուի ընդունուիլ։ Էտինպուրկի մէջ ուսման ժամանակ ան որոշ հիմունքներ մոռցած էր, որոնք անհրաժեշտ էին ընդունուելու համար, այդ պատճառով ան կը պատրաստուի մասնաւոր ուսուցիչի մօտ Շրուսպերի մէջ եւ կ'ընդունուի Քեմպրիճ տօնական արձակուրդներէն յետոյ 1828 թ. սկիզբը։ Տարուինը սկսաւ սորվիլ, բայց անոր իսկ խօսքերով ինք այնքան ալ չէր խորանար ուսման մէջ, իր ամբողջ ժամանակին մեծ մասը յատկացնելով ձիավարութեանը, որսորդութեանը եւ հրաձգութեանը (դասախօսութիւններուն յաճախումը կամաւոր էր)։ Անոր հօրեղբօր որդին՝ Ուիլիամ Ֆոքսը ({{lang-en|William Darwin Fox}}) կը ծանօթացնէ անոր միջատաբանութեանը եւ կը մտերմացնէ շարք մը անձերու հետ որոնք տարուած էին միջատներու հաւաքածոներով։ Արդիւնքը կ'ըլլայ այն, որ Տարուինի մօտ կ'արթննայ բզէզներ հաւաքելու կիրքը։ Նոյն Տարուինը իր հետաքրքրութիւնները հաստատելու համար կը բերէ հետեւեալ պատմութիւնը. «Անգամ մը ծառէն փրցնելով հին կեղեւի կտոր մը, ես տեսայ երկու արտասովոր բզէզներ, ես իւրաքանչիւր ձեռքով առի մէկական բզէզ, բայց ես տեսայ երրորդին, ինչ-որ նոր տեսակի, որուն ես ի վիճակի չէի ձգել եւ ես այն բզէզին, որ աջ ձեռքիս էր դրի բերանս։ Բայց աւաղ այն արձակեց ինչ-որ չափազանց այրող հեղուկ, որ այնպէս այրեց լեզուս, որ ես ստիպուած էի թքել բզէզը եւ ես կորսնցուցի անոր այնպէս, ինչպէս երրորդը»։ Անոր որոշ ձեռքբերումները տպագրուեցին Սթէֆընսի ({{lang-en|James Francis Stephens}}) «Բրիտանական միջատաբանութեան նկարազարդումները» գիրքին մէջ՝ ({{lang-en|«Illustrations of British entomology»}})։

[[Պատկեր:John Stevens Henslow.jpg|մինի|Ճոն Սթիւընս Հենսլօ]]
Ան կը դառնայ բուսաբանութեան փրոֆեսոր Ճոն Սթիւընս Հենսլոուի ({{lang-en|John Stevens Henslow}}) հետեւորդը եւ մտերիմ ընկերը։ Հենսլոուի հետ ծանօթութեան շնորհիւ ան կը ծանօթանայ այլ առաջատար բնագէտներու հետ, իրենց շրջանակներու մէջ յայտնի դառնալով որպէս. «այն որ կը զբօսնէ Հենսլոուի հետ» ({{lang-en|«the man who walks with Henslow»}})։ Երբ կը մօտենան քննութիւնները Տարուինը կը կենտրոնանայ ուսման վրայ։ Այդ ժամանակ ան կը կարդայ Ուիլիըմ Փալէիի ({{lang-en|William Paley}}) «Քրիստոնէութեան ապացուցումը» ({{lang-en| «Evidences of Christianity»}}) որուն լեզուն եւ շարադրանքը կը հիացնեն Տարուինը։ Ուսման աւարտին 1831 Յունուարին Տարուինը լաւ առաջադիմած էր աստուածաբանութեան մէջ, ուսումնասիրած էր գրականութեան դասականներուն, մաթեմատիկան եւ ֆիզիկան եւ յաջողութեամբ 178 քննութիւն յաջող յանձնողներէն ան ցուցակին մէջ 10-րդն էր։ Տարունը կը մնայ Քեմպրիճի մէջ մինչեւ Յունիս։ Ան կ'ուսումնասիրէ Փալէիի «Բնական աստուածաբանութիւն» ({{lang-en|{{resize|85%|«Natural Theology»}}}}) աշխատանքը, ուր հեղինակը կը բերէ աստուածաբանական փաստարկներ բնութեան էութեան բացատրութեան համար, բացատրելով յարմարուողականութիւնը բնութեան օրէնքներու միջոցով, որպէս Աստուծոյ ազդեցութիւն։ Ան կը կարդայ Կերշլիի գիրքը, ուր նկարագրուած էր բնական փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը, որպէս օրէնքներու ըմբռնում ինդուկցիոն դատողութեան միջոցով, որ հիմնուած էր հետազօտութիւններու վրայ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Ալեքսանտր ֆոն Հումպոլտթի «Անձնական պատմութիւն» ({{lang-en|{{resize|85%|«Personal Narrative»}}}}) գիրքին, ուր հեղինակը կը նկարագրէ իր ճամբորդութիւնները։ Թեներիֆէ կղզիի նկարագրութիւնը, որ կը բերէ Հումպոլտթը, Տարուինը եւ անոր ընկերները կը վարակեն գաղափարով մը՝ ուսումը աւարտելէն յետոյ մեկնիլ հոն, որ արեւադարձային պայմաններու մէջ զբաղին բնական պատմութեամբ։ Ասոր պատրաստուելու համար ան Ադամ Սէճուիքի ({{lang-en|{{resize|85%|Adam Sedgwick}}}}) մօտ կը սորվի երկրաբանական դասընթացքին եւ ամրանը անոր հետ կը մեկնի Ուէլս. ցեղերու քարտէսագրումին։ Երկու շաբաթ անց վերադառնալով Հիւսիսային Ուէյլսով կարճատեւ ուղեւորութենէն, ան կը գտնէ նամակ մը Հենսլոուիէն, ուր ան Տարուինին կը ներկայացնէ «Պիկլի» քափիթանին՝ Ռոպըրթ Ֆիցրոյին, որպէս համապատասխան մարդ բնագէտի չվարձատրուող պաշտօնին համար, որուն հրամանատարութեան տակ չորս շաբաթ անց պէտք է սկսուէր արշաւը դէպի Հարաւային Ամերիկայի ափերը։ Տարուինը պատրաստ էր ընդունելու առաջարկը, բայց անոր հայրը դէմ էր նմանօրինակ արկածներուն, քանի որ կը կարծէր երկամեայ ճամփորդութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ժամանակի պարապ վատնում։ Բայց անոր մօրեղբօր Ճոզիա Ուէճվուտ երկրորդ ({{lang-en|{{resize|85%|Josiah Wedgwood II}}}}) միջամտութիւնը կը համոզէ անոր հօրը տալ համաձայնութիւն։

=== Բնագէտի ճամբորդութիւնը «Պիկլ» նաւու վրայ (1831-1836) ===
Տող 599 ⟶ 569՝
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Արտաքին յղումներ}}

[[Կատեգորիա:12 Փետրուարի ծնածներ]]