«Գէորգ Արծրունի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: իբր → իբրեւ (2) using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: Սիս (արեւմտահայերէն) → Սիս using AWB
Տող 19.
Այս ընթացքին, «Հոգեւոր Ժողով»ի անդամ կ՛ընտրուի եւ աւելի ետքը «Կրօնական Ժողով»ի անդամ. իր վերջին պաշտօնը կ՛ըլլայ, Յարութիւն Պատրիարքի օրով, «Աւագերիցանց Յանձնաժողովոյն» ատենապետութիւնը։
 
Արծրունի Շահնազարեան Կարապետ վրդ.-ի մտերիմը եղած է եւ Ներսէս Վարժապետեանին վարդապետ ձեռնադրուելու խորհուրդ տուած է։ Իր բոլոր ժամանակակից եկեղեցականներէն եւ նոյնիսկ [[Բողոքական համայնք (արեւմտահայերէն)|Բողոքական]] միսիոնարներէն միշտ յարգուած է եւ իր տունը ժամադրավայր մը եղած՝ բոլոր մեծ անձնաւորութիւններուն, որոնք աշխարհի չորս կողմէն կու գային [[Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]] եւ անպատճառ Խասգեղ երթալով կ՛այցելէին հարիւրամեայ ծերունիին։ Գոհունակութեան կոնդակներ ստացած է [[Մատթէոս]], [[Սիս (արեւմտահայերէն)|Սիսի]]ի Կիրակոս եւ Գէորգ Կաթողիկոսներէն։ Իր միակ մանչ զաւակին կատարեալ կրթութիւն տուած է եւ երբ հէգ Տոքթ. Միհրան Արծրունի բժշկութեան վկայականը առած Բարիզէն կը վերադառնար, ահա տարաբաղդ հօր յոյսերը կը մեռնին. մահը կանխահաս կերպով կը խլէր զայն իր եւ ընտանիքին ձեռէքն։ Ինք սակայն, իբրեւ կատարեալ հաւատացեալ, կը հաւատար ան[[Մահ (արեւմտահայերէն)|մահութեան]] եւ անդադար կ՛օրհնէր կամքն «Յաւիտենականին Աստուծոյ»։
 
Արծրունի բացի ընտիր [[հայերէն]]էն, գիտէր նաեւ բաւական [[ֆրանսերէն]] եւ [[իտալերէն]]։ Ունէր անտիպ կրօնական եւ բարոյագիտական գրութիւններ, որոնց մէջ արտայայտած է՝ իր հակառակ ոգին, Լատին կղերին դէմ։ Այդ ձեռագրերը [[1896]] թուականին Խասգիւղի մէջ կողոպտուած եւ ջնջուած են։