«Սպանիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: {{Լեզու es → {{lang-es (17), Նապաստակ (արեւմտահայերէն) → Նապաստակ using AWB
Չ →‎Հռոմէական Կայսրութիւն Եւ Գոթական Թագաւորութիւն: clean up, replaced: Ոսկի (արեւմտահայերէն) → ոսկի using AWB
Տող 144.
 
[[Պատկեր:Catedral de Oviedo 3.jpg|մինի|upright|Սան Սալվատորի տաճարը Օվիէտոյի մէջ։]]
Կելտերու եւ իբերներու մշակոյթները տարուէ տարի հռոմէականացուեցաւ (Լատինականացուեցաւ ) Սպանիոյ տարբեր մասերուն մէջ տարբեր արագութեամբ։ Տեղւոյն առաջնորդներուն ընդունեցին որպէս Հռոմէական ազնուականներ (aristocrats)։ Սպանիան կը ծառայէր որպէս հռոմէական շուկայի ամբար եւ անոր նաւահանգիստներէն կ՝ արտահանուէին [[Ոսկի (արեւմտահայերէն)|ոսկի]], [[Բուրդ (արեւմտահայերէն)|բուրդ]], [[Ձիթապտուղ (արեւմտահայերէն)|ձիթապտուղի]] իւղ եւ [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինի]]։ [[Գիւղատնտեսութիւն|Գիւղատնտեսական]] արտադրութիւնը աճեցաւ ոռոգման համակարգերու ներդրման հետ, այդ համակարգերէն քանի մը հատը տակաւին կը շահագործուին։ Թրայաններու թագաւորական կամ կայսերական տոհմը (Trajan dynasty /ˈtreɪdʒən/) կայսր Թէոտոսիոս Ա.-ը (Theodosius I), եւ փիլիսոփայ Սենեկան (Seneca) ծնած են Սպանիա։ Բանաստեղծներ Մարցիալիսը, Քուինթիլիան եւ Լուքանոսը նոյնպէս ծնած են Սպանիա։ Սպանիոյ մէջ [[քրիստոնէութիւն]]ը տարածուեցաւ Ք.Ե. առաջին դարուն եւ երկրորդ դարուն<ref name="country"/> մեծապէս տարածուեցաւ Սպանիոյ քաղաքներուն վրայ։ Սպանիոյ այժմեան լեզուի, մշակոյթի եւ օրէնքի որոշ տարրեր յառաջ եկած են այս ժամանակներէն։
 
Արեւմտեան հռոմէական տիրապետութեան տկարութիւնը Սպանիոյ մէջ սկսաւ 406 թուականին, երբ գերմանական Սուէպիները եւ Վանտալները (Germanic Suebi եւ Vandals), Սարմաթական Ալաններու (Sarmatian Alans) հետ միասին անցան Ռին (Rhine) գետը Կալիսիայէն (Galicia) եւ ներխուժեցին Փիրենէեան կամ Իբերեան թերակղզի։ Սուէպիները հիմնեցին թագաւորութիւն այժմեան Կալիսիայի տարածքն ու հիւսիսային [[Փորթուկալ]]ը։ Հիւսիսային կայսրութեան փլուզումէն ետք ընկերային-տնտեսական վիճակը հիմնականօրէն բարելաւուեցաւ, բայց շատ հիմնարկներ մնացին վերջին կայսրութեան տեսքով ներառեալ քրիստոնէութիւնը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Սպանիա» էջէն