«Բանահիւսութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, removed: {{ԱՀ}} using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: Հեքիաթ (արեւմտահայերէն) → հեքիաթ using AWB
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Բանահյուսություն}}
'''Բանահիւսութիւն''', ժողովրդական ֆոլքլոր (անգլ.folk-lore-ժողովրդական իմաստութիւն, գիտելիք), այս կամ այն ժողովուրդի կերտած բանաւոր [[ստեղծագործութիւն]]ներու ամբողջութիւն։ Բանահիւսութեան մէջ [[ժողովուրդ]]ը արտացոլած է իր պատմութեան առաւել կարեւոր դէպքերը, իր դարաւոր փորձն ու իմաստութիւնը, ձգտումներն ու իտեալները։ Ըստ էութեան, բանահիւսութիւնը (ֆոլքլորը) ժողովուրդի կեանքի եւ աշխարհազգացողութեան հայելին է։ Ժողովրդական բանահիւսութեան [[երկ]]երն ստեղծուած եւ դարերով պահպանուած են բանաւոր, հաղորդուած սերունդէ սերունդ։ Շատ յաճախ [[բանասաց]]ի կողմէ կատարուած, նոյնիսկ ստեղծուած են ուղղակի լսարանի առջեւ, երբեմն [[երգ]]ի եւ նուագի ուղեկցութեամբ։ Բանահիւսական ստեղծագործութիւնները [[ժամանակ]]ի ընթացքին փոխած, զարգացուցած եւ հարստացուցած են բազմաթիւ անանուն [[հեղինակ]]ներու կողմէ։ Այդ է պատճառը, որ բանահիւսական երկերը սովորաբար շարք մը տարբերակներ կ՜ունենան։ Ժողովրդական բանահիւսութեան [[տեսակ]]ները բազմազան են՝ [[Առակ (արեւմտահայերէն)|առակ]], [[Հեքիաթ (արեւմտահայերէն)|հեքիաթ]], [[Հանելուկ (արեւմտահայերէն)|հանելուկ]], [[ասացուածք]], [[Առասպել (արեւմտահայերէն)|առասպել]], [[աւանդավէպ]], [[Ասք (արեւմտահայերէն)|ասք]], [[աւանդութիւն]], [[վիպերգութիւն]] ([[Էպոս (արեւմտահայերէն)|էպոս]]), աշխատանքային, սիրոյ երգեր եւ այլն։ Այս [[ժանր]]երէն իւրաքանչիւրն ունեցած է բովանդակութեան, կառուցուածքի, պատկերաւորութեան կայուն իւրայատկութիւն։ Բացի այդ՝ իւրաքանչիւր ազգի բանահիւսութեան մէջ եղած են ուրոյն ժանրային ձեւեր, օրինակ՝ ռուսական [[Պիլինա]]ն, [[չասթուշկա]]ն, [[Ուքրանիա|ուքրանական]] տուման եւ այլն։ [[Հայ հին բանահիւսութիւն|Հայ հին բանահիւսութեան]] մէջ եղած են բազմազան տեսակներ՝ [[զրոյց]], առասպել, աւանդավէպ, [[Վիպասանք (արեւմտահայերէն)|վիպասանք]] եւ այլն։ Բանահիւսութեան շատ թեմաներ, [[սիւժէ]]ներ ու [[կերպար]]ներ մշակուած եւ ընդհանրացուած են տարբեր [[գրող]]ներու կողմէ։ Բաւական է նշել միայն [[Յովհաննէս Թումանեան]]ի եւ [[Աւետիք Իսահակեան]]ի բալլադները, հեքիաթներն ու [[Պոեմ (արեւմտահայերէն)|պոեմները]], որոնք ստեղծուած են ժողովրդական [[աղբիւր]]ներու հիման վրայ։
 
== Աղբիւրներ ==