«Կորիւն Պապեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: Լիբանան (արեւմտահայերէն) → Լիբանան (2) using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Սպահան (արեւմտահայերէն) → Սպահան using AWB
Տող 10.
[[1967 թուական]]ին կը մեկնի Անգլիա, հետեւելու աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց Օքսֆորտի համալսարանի մէջ։ Աւարտելով իր B. Lit. տիտղոսի աշխատանքները, կը վերադառնայ [[Անթիլիաս (արեւմտահայերէն)|Անթիլիաս]] [[1973]]-ի [[Աշուն (արեւմտահայերէն)|աշնան]] եւ Դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական եւ լեզուական նիւթեր, միաժամանակ յառաջ տանելով իր ուսումնասիրական-բանասիրական աշխատանքները։ [[1977 թուական]]ի ամրան կը տիրանայ Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի Համալսարանի տոքթորայի տիտղոսին, իրեն նիւթ ունենալով Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեանց (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches) եւ այլ յարակից խնդիրներու պատմութիւնը՝ 224-620 թուականներու։
[[1978]]-ին կը մեկնի [[Նոր Ջուղա (արեւմտահայերէն)|Նոր Ջուղա]], [[Սպահան (արեւմտահայերէն)|Սպահան]], որպէս Առաջնորդական Տեղապահ եւ նոյն տարին Տ. Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ 1978-ին Սպահանի Թեմի 23-րդ Պատգամաւորական Ժողովը զինք կ’ընտրէ Առաջնորդ։ [[1980]]-ի [[Մայիս 18]]-ին ան կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։ Իսկ [[19 Յունիս]] 1986 թուականին, դարձեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով ան կը ստանայ Արքութեան տիտղոս եւ պատիւ։
[[2002]] թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի [[Քուէթ]]ի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ, ուր կը ծառայէ մինչեւ [[2011]] թուական։ 2011-ին ան կը վերադառնայ Սուրբ Աթոռ՝ Անթիլիաս եւ կը նուիրուի բանասիրական աշխատանքներու։