«Ճարտարապետութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ճարտարապետութիւնը Հայաստանի Մէջ: clean up, replaced: Վասպուրական (արեւմտահայերէն) → Վասպուրական using AWB
Չ clean up, replaced: շինարար (արեւմտահայերէն) → շինարար, քաղաք (արեւմտահայերէն) → քաղաք, տուֆ (արեւմտահայերէն) → տուֆ, Խծկոնք (արեւմ using AWB
Տող 21.
== Ճարտարապետութիւնը Նոր Ժամանակներուն ==
 
Նոր ժամանակներու ճարտարապետութեան մէջ գեղարուեստական-յօրինուածքային խնդիրները դարձած են առաւել կարեւոր և վճռորոշ, իսկ [[շինարար (արեւմտահայերէն)|շինարարական]]ական ձեւի զարգացումն ու կատարելագործումը (շարժական ծածկեր, երկակի կորութեան թաղեր եւ այլն) նոր հնարաւորութիւններ բացած են համարձակ մտայղացումներ իրագործելու համար։ Ժամանակակից ճարտարապետութիւնը կը բնութագրուի զարգացման ուղղութիւններու բազմազանութեամբ, առանձին [[շէնք]]երու փոխարէն կ'իշխեն [[քաղաք (արեւմտահայերէն)|քաղաքաշինական]]աշինական կազմաւորումները, կը դառնան աւելի յարմարաւէտ եւ յուսալի, կը շեշտուին կառոյցներու ու համալիրներու արտաքին տեսքը՝ վերասլաց են, աստիճանաձեւ, յաճախ ոչ ուղղաձիգ ծաւալներով ու ձեւերով, քաղաքաշինական համալիր խնդիրներու ամբողջական եւ աւարտուն լուծումներով։
Նոր ժամանակներու ճանաչուած ճարտարապետներ [[Լը Քորպիւզէ]]ն, [[Ֆրանք Լլոյտ Ռայթ]]ը, [[Միս Վան տեր Ռոէ]]ն, [[Վալտեր Կրոպիուս]]ը, [[Օսքար Նիմեյեր]]ը, [[Քենձօ Թանկ]]ը, [[Ալուար Աալտօ]]ն, [[Էրօ Սաարինէն]]ը, [[Լուիս Քան]]ը, [[Ժորժ Կանտիլիս]]ը եւ ուրիշներ ստեղծած են ճարտարապետական արժէքներ, որոնք մեծապէս նպաստած են մշակութային յառաջընթացին։
[[Հայկական ճարտարապետութիւն|Հայկական ճարտարապետութեան]] բնորոշ են զարգացման բարձր մակարդակը, գեղ[[արուեստ]]ական հարուստ աւանդոյթները եւ յատկապէս ազգային ինքնատիպութիւնը, որ, բացի բնական պայմաններէն, կացութաձեւէն եւ ժողովրդական ակունքներէն, պայմանաւորուած է նաեւ տեղական շինանիւթերու, յատկապէս [[տուֆ (արեւմտահայերէն)|տուֆի]]ի բազմազանութեամբ ու գեղարուեստաֆիզիքական յատկանիշներով։
 
== Ճարտարապետութիւնը Հայաստանի Մէջ ==
Տող 31.
Վաղ միջնադարը (IV–VII դարեր) հիմնականօրէն հայկական կոթողական ճարտարապետութեան ազգային նկարագիրի ձեւաւորման (IV–V դարեր) եւ հասունութեան ու կատարելութեան (VI–VII դարեր) շրջաններն են։
[[Պատկեր:Sanahin-Amenaprkich.jpg|thumb|Սանահինի վանքը]]
Զարգացած միջնադարյան փուլը, ըստ ընդունուած պարբերացման, կ'ընդգրկէ IX դարու վերջէն մինչեւ [[XIV դար]]ը՝ IX–XI եւ [[XIV դար|XII–XIV դարերու]] ենթափուլերով։ IX–XI դարերուն զարգացման բարձր մակարդակի հասած է քաղաքաշինութիւնը (Անի, Դուին, [[Կարս]], [[Վան]] եւ այլն), ստեղծուած են վանական համալիրներ ([[Տաթեւ]], [[Սեւան]], [[Գնդեվանք (արեւմտահայերէն)|Գնդեվանք]], [[Հոռոմոս (արեւմտահայերէն)|Հոռոմոս]], [[Խծկոնք (արեւմտահայերէն)|Խծկոնք]], [[Հաղբատ]], [[Սանահին (արեւմտահայերէն)|Սանահին]] եւ այլն)։
 
[[Պատկեր:Տաթև վանական համալիր70.JPG|thumb|Տաթեւ վանական համալիրը]]
 
XII–XIV դարերուն ընդլայնուած եղած են համալիրները, ստեղծուած են նորերը, կատարելագործուած է քաղաքաշինական արուեստը, հարստացած են արտայայտչամիջոցները, շինարարական-կառուցուածքային հնարքները, կարեւորուած է աշխարհիկ շէնքերու ([[գրատուն (արեւմտահայերէն)|գրատուն]], սեղանատուն, [[հիւրանոց]]-կարաւանատուն), ճարտարագիտական եւ պաշտպանական կառոյցներու շինարարութիւնը, կազմաւորուած են ճարտարապետական դպրոցներ [[Սիւնիք]]ի, [[Վասպուրական]]ի, [[Գուգարք (արեւմտահայերէն)|Գուգարքի]]ի, [[Արցախ (արեւմտահայերէն)|Արցախի]]ի մէջ եւ այլուր։
Միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան վերջին փուլը կ'ընդգրկէ XVII–[[XVIII դար]]երը, երեւան եկած են նոր յատկանիշներ քաղաքաշինութեան եւ բնակարանային ճարտարապետութեան ոլորտներուն մէջ, մասամբ պակսած են կառոյցներու կոթողը, գեղարուեստական արտայայտչականութիւնը։
Նոր փուլի (XIX դարէն մինչեւ XX դարու առաջին երկու տասնամեակներ) ճարտարապետութեան բնորոշ են մերձեցումը ռուսական մշակոյթին եւ քաղաքաշինութեան ([[Երեւան]], [[Գիւմրի]], [[Գորիս (արեւմտահայերէն)|Գորիս]], [[Նոր Պայազիտ]] եւ այլն) զարգացումը՝ դասականութեան ու կանոնաւոր յատակագծման սկզբունքներու կիրառումով։ Եթէ միջնադարեան ճարտարապետութեան նախորդ փուլերուն բնակավայրի դիմագիծը բնորոշողը պաշտամունքային կառոյցներու ճարտարապետութիւնն էր, ապա նոր փուլին մէջ առաջնային դարձած են քաղաքաշինութիւնը եւ ժողովրդական տան ճարտարապետութիւնը։
 
Նորագոյն փուլը խորհրդահայ ճարտարապետութեան շրջանն է՝ [[1920]]–[[1990]] թուականներ, երբ գիւղական եւ քաղաքային բնակավայրերուն մէջ ծաւալուած է զանգուածային բնակարանաշինութիւն, կառուցուած են ուսումնական, մշակութային, կոմունալ-կենցաղային սպասարկման առարկաներ, հաղորդակցուղիներ (հաղորդակցութիւն) եւ ենթակառուցուածքներ, բարելաւուած են բնակավայրերու սանիտարահիգիենային պայմանները, կարեւորուած են բնապահպանական խնդիրները։
Արդի փուլի ([[1990]]-ական թուականներու սկիզբէն)՝ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան ճարտարապետութեան բնորոշ են որոշակի որակական փոփոխութիւնները, տիպային եւ նորմատիւային պահանջներու մեղմացումը, նոր շինանիւթերու, կառուցուածքներու ու արհեստագիտութիւններու կիրառումը, ճարտարապետական ազգային աւանդոյթներու եւ համաշխարհային փորձի զուգադրումը։
Հայկական ճարտարապետութիւնը խարիսխուած է ազգային մշակոյթի հարուստ աւանդոյթներու վրայ։ Կարեւոր են նաեւ այլ ժողովուրդներու հետ մշակութային շփումներն ու փոխազդեցութիւնները։ Հայրենի ([[Թորոս Թորամանեան]] եւ ուրիշներ) եւ օտար ([[Տիւպուա]], [[Շառլ Տիհլ]], [[Եոզեֆ Ստրժիգովսկի]], [[Նիկողայոս Մառ (արեւմտահայերէն)|Նիկողայոս Մառ]] եւ ուրիշներ) հեղինակներէն շատերը նշած են հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը [[Արեւմտեան Եւրոպա]]յի ճարտարապետութեան վրայ։ Հայկականն ալ իր հերթին ազդեցութիւն կրած է այլ երկիրներու ճարտարապետութենէն, ինչպէս ք. ա. [[III դար]]ուն՝ հայկական հելլենիզմի շրջանին՝ Հին Յունաստանի ճարտարապետութենէն, լաւագոյն օրինակը յունա-հռոմէական պերիպտեր տիպի [[Գառնի (արեւմտահայերէն)|Գառնիի]]ի տաճարն է (I դար)։
[[Պատկեր:Noravanq.jpg|thumb|Նորավանքը]]
Հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններէն [[Զուարթնոց]]ը, [[Գեղարդավանք]]ը, [[Հաղբատ]]ը, [[Սանահին]]ը, [[Նորավանք]]ն ընդգրկուած են [[ԵՈՒՆԵՍՔՕ]]-ի համաշխարհային մշակութային «Արժէքներու ցանկին մէջ»։