«Արսէն Այտընեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: իբր → իբրեւ using AWB
Չ →‎top: clean up, removed: <nowiki/> using AWB
Տող 32.
Այտընեանի կեանքն ու գործունէութիւնը զուգընթաց է աշխարհաբարի զարգացման հետ։ Իր անունը բացառիկ կարեւորութիւն ունեցած է բանասիրական ուսումնասիրութեան տեսակէտէն. աշխարհաբարը, որ մինչ այդ անկանոն վիճակ ունէր, կանոնաւորուեցաւ անոր պատրաստած քննական քերականութեան շնորհիւ։
 
Որդի՝ Պետրոս Այտընեանի, ծնած է [[Պոլիս]]՝ [[Բերա]]յի մէջ։ Ժամանակի ձախորդ պատահարներէն ստիպուած, ծնողքը լքած են իրենց տունը եւ 1828-1830ին [[Ղալաթիա]] ապրած։ Այտընեան [[Վենետիկ]]ի [[Մխիթարեաններ]]<nowiki/>ու եւ ապա Ղալաթիոյ [[Վիեննա]]յի Մխիթարեաններու վարժարանը յաճախած է։ Ուսման սաստիկ սիրահար, գրեթէ ինքնօգնութեամբ, լատիներէն սորված է եւ օր մըն ալ իր ուսուցիչներուն անակնկալ մը ըրած ՝ այդ լեզուով ատենախօսութիւն մը կատարելով, որով արժանացած է մէկ դասարան բարձրանալու։ Ան ութը տարեկանին Բերայի Վիեննական հայրերու վարժարանին մէջ աշակերտած է Հ. Վրթանէս Չալըխեանին, իսկ [[1835]]-ին Վիեննա ղրկուած, ուր սորված է [[իտալերէն]], [[ֆրանսերէն]], [[արաբերէն]], [[թրքերէն]] եւ ձեռնարկած՝ հոգեւոր ճառախօսութիւններու եւ այլ աշխատութիւններու։
 
Տասնեօթ տարեկանին ուխտած է պատրաստուիլ եկեղեցական ծառայութեան։ [[1845]]-ին [[Ագաթանգեղոս]]-ի կրկնագիր օրինակը, որ իր հնութեամբ զմայլեցուցած էր Այտընեանը, նիւթ մատակարարած է մանր քննութեան մը, որուն արդիւնքով յայտնի դարձած է, որ այս հին ձեռագիրը անընթեռնելի գիրեր ունի իր ընթեռնելի գիրերուն տակ, որուն քանի մը էջերուն առաջին անգամ ընթերցումը Այտընեանին յանձնուած է։ Գերպ. Արիստակէս՝ վանահայրը, Այտընեանին հրահանգած է [[Նոր Կտակարան]]-ի քննութիւն մը կատարել, համեմատելով զայն ծանօթ ձեռագիրներու հետ։