«Լեւոն Չորմիսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: [[Փարիզ (արեւմտահայերէն) → [[Փարիզ, Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն) → Կոստանդնուպոլիս using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: <nowiki/> using AWB
Տող 32.
== Կենսագրութիւն ==
 
Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ, ապա կ'անցնի [[Կոստանդնուպոլիս|Կ. Պոլիս]], ուր երկրորդական ուսման կը հետեւի Կեդրոնականի մէջ: [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն]] ետք ժամանակաւոր կերպով կը հաստատուի [[Հալէպ]], ուրկէ կ'անցնի [[Փարիզ]], ուր եւ վերջնական բնակութիւն կը հաստատէ: Հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ, տասնամեակներու ընթացքին կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ բազմաթիւ թերթեր, ինչպէս՝ «Ներկայ» (ամսագիր, 1949-1950), «Բիւբակն» (շաբաթաթերթ, 1961-1967), «Կարծիք» (ամսագիր, 1973-1975): Լեւոն Մօզեանի եւ [[Բիւզանդ Թոփալեան|Բիւզանդ Թօփալեան]]<nowiki/>ի հետ կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ «Արեւմուտք»ը (շաբաթաթերթ, 1945-1952):
 
Հրապարագրական իր աշխատանքին զուգահեռ, Լեւոն Չորմիսեան կը նուիրուի Հայ Ժողովուրդի նոր եւ նորագոյն շրջանի պատմութեան բազմակողմանի ուսումնասիրութեան: Տարիներու իր հետեւողական հետազօտութիւնները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն տասնի հասնող հատորներու մէջ: Առանձնապէս ուղադրութեան արժանի կը մնան Լ. Չորմիսեանի հետեւեալ երկասիրութիւնները.ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ (Փարիզ), ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ([[Պէյրութ]], 1965), ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՑ ՄԷԿ ԴԱՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ, Ա. Հատոր, 1850-1878 ([[Պէյրութ]], 1972), Բ. Հատոր, 1878-1908 (Պէյրութ, 1974),Գ. Հատոր, 1908-1922 (Պէյրութ, 1975), Դ.հատոր,-Հայ Սփիւռքը, Ա. Գիրք, Ֆրանսահայերու պատմութիւնը- (Պէյրութ, 1977), եւ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ (Պէյրութ, 1979):