«Մարթին Լուտըր Քինկ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, removed: <nowiki/> (3) using AWB
Տող 24.
}}
 
'''Մարթին Լութըր Քինկ''', ([[15 Յունուար]] [[1929]], Ատլանտա, Ճորճիա – [[4 Ապրիլ]] [[1968]] Մեմֆիս, Թենըսի), ամերիկացի սեւամորթ ճարտասան քարոզիչ, որ առաջնորդած է ԱՄ Նահանգներու մէջ քաղաքացիական իրաւունքներու զանգուածային շարժումը, [[1950]]-ականներէն սկսեալ։ [[1964]]-ին արժանացած է [[Նոպէլեան Մրցանակ]]<nowiki/>ին (խաղաղութեան բնագաւառին մէջ), ոչ բռնի դիմադրութեան ձեւերով ցեղային հաւասարութիւն հաստատելու իր սկզբունքներուն համար։
 
== Կենսագրութիւն ==
Տող 35.
 
=== Պատմութիւն ===
Մարթին Լութըր Քինկը այս ճառով ելոյթ ունեցած է [[28 Օգոստոս]] [[1963]]-ին, [[Ապրահամ Լինքոլն]]<nowiki/>ի յուշահամալիրի աստիճաններէն, աշխատանքային հաւասար առիթներու եւ ազատութեան համար կատարուող Ուաշինկթընի քայլարշաւին ընթացքին։ Այդ մէկը 1955-1968 թուականներուն քաղաքացիական իրաւունքներու համար [[Ամերիկա (արեւմտահայերէն)|Ամերիկա]]<nowiki/>յի մէջ կատարուող շարժումներուն կարեւորագոյն պահն էր։ Ելոյթի ժամանակ բեմին վրայ կը գտնուէր նաեւ երգչուհի Մախալիա Ճեքսընը, ելոյթի ժամանակ ան անդրադառնալով Քինկին ըսաւ. "Պատմէ՛ անոնց երազանքին մասին, Մա՛րթին"։ Քինկի ելոյթը լաւագոյններէն մէկը կը համարուի պատմութեան մէջ եւ ամերիկեան հասարակութեան կողմէն ճանչուած է հռետորական արուեստի ու 20-րդ ուլաւագոյն գործ։
 
Եւ հակառակ անոր, որ մենք խոչընդոտներու հանդիպինք այսօր եւ պիտի հանդիպինք անոնց նաեւ վաղը, ես, միեւնոյնն է, երազանք մը ունիմ։ Այդ երազանքը խորապէս կապուած է ամերիկեան երազանքին հետ։ Ես կ'երազեմ, որ օր մը այս ազգը կ'ապրի իր սկզբունքի իսկական իմաստով. «Մենք ամենապարզ ու որոշ կերպով համոզուած ենք, որ բոլոր մարդիկ հաւասար ստեղծուած են»: Ես կ'երազեմ, որ օր մը Ճորճիայի կարմիր բլուրներուն նախկին ստրուկներու որդիները եւ նախկին ստրկատէրերու որդիները պիտի կարենան միասին նստիլ եղբայրական սեղանին շուրջ։ Ես կ'երազեմ, որ կու գայ օր մը եւ նոյնիսկ [[Միսիսիփի]] նահանգը, որ կը կիզուի տապէն եւ ճնշումէն, կը վերածուի ազատութեան եւ արդարութեան ովասիսի։ Ես կ'երազեմ, որ կու գայ օր մը, երբ իմ չորս երեխաներս կ'ապրին երկիրի մը մէջ, ուր անոնք նկատի կ'առնուին ոչ թէ իրենց մաշկի գոյնով, այլ իրենց անհատական յատկանիշներու համապատասխանութեամբ։ Ես այսօր կ'երազեմ։ Ես այսօր կ'երազեմ, որ օր մը Ալապամայի մէջ՝ իր չարախինդ ցեղամոլներով եւ նահանգապետով, որու շուրթերէն դուրս կու գան չեղեալ յայտարարելու եւ միջամտութեան բառեր, գեղեցիկ օր մը, նոյնինքն Ալապամայի մէջ, փոքրիկ սեւ տղաները եւ աղջիկները սպիտակ տղաներու ու աղջիկներու հետ որպէս քոյր եւ եղբայր իրար ձեռք կը բռնեն։