«Սանասարեան Վարժարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Removing Sanasarian_13.jpg, it has been deleted from Commons by JuTa because: per c:Commons:Deletion requests/File:Sanasarian 13.jpg.
Չ clean up, removed: <nowiki/> (4) using AWB
Տող 1.
[[Պատկեր:Սանասարեան վարժարան.jpg|450px|մինի|աջից|Կարնոյ Սանասարեան Վարժարան]]
{{Արևելահայերեն|Սանասարյան վարժարան}}
'''Սանասարեան Վարժարանը''', հիմնադրուած է 8 Մարտ 1882 թուականին Կարինի մէջ, [[Մկրտիչ Սանասարեան]]<nowiki/>ի միջոցներով և [[Կարապետ Եզեան]]<nowiki/>ի ջանքերով<ref>{{Cite journal|date=2017-05-22|title=Սանասարյան վարժարան|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8D%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BD%D5%A1%D6%80%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%AA%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=5126946|language=hy}}</ref>։
 
Յաչս կառավարութեան վարժարանին օրինական պատասխանատու եւ վերատեսուչ ճանչցուած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը: Մինչեւ 1892 վերին հսկողութիւնը կը վարէ հիմնադիրը: Սանասարեան վարժարանը գերմանացիներու միջնակարգ վարժարաններու հաւասար աստիճան ունէր, իննամեայ ընթացքով: Կարնոյ մէջ վարժարանին վրայ կը հսկէր ուսումնական խորհուրդ մը, որ կը բաղկանար [[Մաղաքիա Օրմանեան]] վարդապետէ, Գէորգ Աբուլեանէ, Յովսէփ Մատաթեանէ եւ Սարգիս Սողիկեանէ, որոնք կը վարէին ներքին տեսչութեան պաշտօնը հաւաքական պատասխանատուութեամբ:
Տող 7.
Վարժարանին ծրագիրը կը պարունակէր հետեւեալ ուսումները՝ կրօնք/ Հայերէն աշխարհաբար/ պատմութիւն/ աշխարհագրութիւն/ բնական գիտութիւններ/ Օսմաներէն/ Ֆրանսերէն/ Անգլերէն/ Գերմաներէն/ ուսողութիւն/ գեղագրութիւն/ գծագրութիւն եւ նկարչութիւն/ ձայնական երաժշտութիւն/ գործիական երաժշտութիւն/ մարմնամարզ եւ չմշկութիւն:
 
[[Մկրտիչ Սանասարեան]]<nowiki/>ի թողած կտակը կ՚ ապահովէր վարժարանին գոյութիւնը: Կտակակատարներէն [[Կարապետ Եզեան]]<nowiki/>ց պատրաստեց նոր կանոնագրութիւն մը ու ուսման շրջանը վերածուեցաւ եօթը տարիի: Սոյն կանոնագրութեան համաձայն վարժարան մտնել ուզող աշակերտները պատք է գիտնային հայերէն կարդալ, ընթեռնելի կերպով գրել, քերականութեան մասունք բանին սորված ըլլալ, շարադրութիւն մը առանց ուղղագրական խոշոր սխալներու գրել եւ թուաբանութեան չորս գործողութիւնները լաւ կերպով կատարել:
 
1892էն յետոյ յատկացուեցաւ գումար մը ուսուցիչներ պատրաստելու Սանասարեան վարժարանին համար: 1906ին վարժարանին կից բացուեցաւ երկամեայ դասընթացքով վարժապետանոց-ուսուցչանոց մը, որու նպատակը ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի պատրաստելն էր հայկական գաւառներու համար: Ըստ կտակի վարժարանին մէջ պէտք է ուսանէին առնուազն 30 ձրիավարժ Սանասարեան Սաներ: 1882-83 տարեշրջանէն սկսեալ տեղի ունեցան հրապարակային քննութիւններ, որոնց ներկայ կը գտնուէին Կարնոյ առաջնորդը, Մաարիֆի ներկայացուցիչներ, քաղաքային եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հիւպատոսական մարմնի ներկայացուցիչներ, Գաւառական Ժողովներու անդամներ, աշակերտներու ծնողքներ եւ հայ ու օտար ունկնդիրներ: Եզեանցի վերապահուած իրաւասութենէ զատ, վարժարանը ունեցաւ հետեւեալ վարիչ մարմինները:
Տող 54.
*[https://horizonweekly.ca/en/41959-3/ «Սանասարեան» վարժարանի շէնքը պիտի վերածուի Աթաթուրքի թանգարանի]
 
[[Կատեգորիա: Դպրոցներ այբբենական կարգով]]