«Անուշաւան Արք. Դանիէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Գործերը: clean up, removed: <nowiki/> using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 33.
 
== Կենսագրութիւն ==
Աւազանի անունով՝ Թորգոմ Դանիէլեան, վեցերորդ զաւակը Անդրանիկ եւ Արաքսի Դանիէլեաններուն, ծնած է 29 Յունուար, 1951-ին։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Պուրճ Համուտի [[Ազգ. Քառասնից Մանկանց Վարժարան|Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանին]] մէջ, 1963-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան [[Անթիլիաս (արեւմտահայերէն)|Անթիլիասի]]ի դպրեվանքը։ Աստուածաշունչի եւ եկեղեցական հայրերու գործերու ընթերցումները կազմաւորած են իր ամբողջ աշխարհահայեացքը՝ ծառայութեան, ընծայումի եւ սիրոյ ու զոհողութեան ճշմարիտ ըմբռնումին հանդէպ։ Անոր կեանքը լեցուն եղած է Դպրաց դասի, Կիրակնօրեայի եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի յիշատակներով։[[Պատկեր:Thumbnail IMG 9316.jpg|մինի|ձախից|Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան]]
 
* 1968-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 26 Նոյեմբեր 1972-ին Թորգոմ սարկաւագ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. [[Արտակ Արքպս. Մանուկեան|Արտակ արքեպս. Մանուկեանի]], վերակոչուելով Անուշաւան: Յունուար 1973-ին, Անուշաւան աբեղայ Դանիէլեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է Մայրավանքի [[Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար]]ի խորանին վրայ։ 1974-ին վարդապետութեան չորս աստիճանները ստացած է ձեռամբ [[Խորէն Ա.Կաթողիկոս|Խորէն Ա. Կաթողիկոսի]], իսկ 1988-ին՝ վարդապետութեան տասը աստիճանները, ձեռամբ Գերշ. Տ. [[Մեսրոպ Աշճեան|Մեսրոպ արք. Աշճեանի]]: 2006-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, ձեռամբ՝ [[Արամ Ա. Կաթողիկոս]]ի։